ԵՍ ՄԱՐԴԸ ՓՆՏՌԵՑԻ
Կոյրի խարխափող քայլերով,
Ամբոխին ընդմէջէն, խելագար,
Քալեցի շուար ու մոլար,
Փողոցներէն ահաբեկ,
Փողոցներէն անայգաբաց,
Գլխագիր մարդուն փնտռտուքով...
Տեսայ շա՜տ մարդիկ խելառ,
Տեսայ եւ փառքէն շլմորած
այրեր տիտղոսակիր
Տեսայ նիւթին փայլքէն շլացած,
յղփացած կրեսոսնե՜ր,
շահամոլներ թշուառ,
Տեսայ սոփեստները մերօրեայ,
իմաստակնե՜րը դիմակադէմ։
Տեսայ խիղճը ծախած
տմարդիներ անպարկեշտ,
Տեսայ կեանքի ղեկը կորսնցուցած
դատարկապորտ մարդակերպեր,
Տեսայ սուտը իրաւի փոխան վաճառող
ճարպիկ վաշխառուներ՝
Ծեքծեքուն կաչաղակներու նման,
Եւ սնոտի մեծութիւններ։
Երանի չտեսնէի՜...
Տեսայ եսակեդրոն,
Նախանձի կիրքէն կուրացած այրե՜ր,
Տեսայ միջակութիւններ եղկելի՝
Ժողովուրդներ խուժանի վերածած,
Թաւշեայ գահերու վրայ բազմած
ազնուականներ մերօրեայ,
Տեսայ խոնարհ, անձնուէր մարդիկ՝
Բախտի լլկանքին յանձնուած, այլոց քմայքին զոհաբեր։
Տեսայ լուսանցքին նետուած
ամբոխներ անճիտուած,
Տեսայ բոլորի՜ն, անթի՜ւ, անհամա՜ր,
Դիմակներու ետին թաքնուած...
Երանի չտեսնէի՜...
Քալեցի յոգնաբեկ, սրտաճայթ մոլուցքով,
Քայլերս մնացին անհաս, ճանապարհի եզրին.
Ուղեւորութիւնս դարձաւ ժամանակի մսխում,
Վիժած ժամանակի ափսոսանք,
Բայց ծիծաղ կայ տակաւին իմ դէմքին,
Տարօրինակ արգահատանք.
Կոյրի խարխափող քայլերով,
Հիասթափ, բայց վշտաբեկ,
Մարդը կ’որոնենք տիւ ու գիշեր
Շիջած լապտերով Դիոգինէսի։
Պիտի քալենք դեռ երկա՜ր,
Ու մեր քայլերը երեւի մնան անաւարտ,
Բայց առանձին չենք, օ՜հ, ոչ,
Այլեւ բանակ անզօր։
Ոչ առաջիններն ենք,
Ո՜չ ալ վերջինները այս աշխարհի,
Պիտի շարունակ քալենք նոյն արահետներէն
Կորսուած հետքերով մարդկութեան ...
2015