ԵՍ ՄԱ¯ՐԴԸ ՓՆՏՌԵՑԻ

Կոյրի խարխափող քայլերով,

Ամբոխին ընդմէջէն, խելագար,

Քալեցի շուար ու մոլար,

Փողոցներէն ահաբեկ,

Փողոցներէն անայգաբաց,

Գլխագիր մարդուն փնտռտուքով…

Տեսայ շա¯տ՝ մարդիկ խելառ,

Տեսայ եւ փառքի շալակը նստած

այրեր տիտղոսաւո¯ր

Տեսայ նիւթին փայլքէն շլացած,

յղփացած կրեսոսնե¯ր,

շահամոլներ՝ թշուառ,

Տեսայ սոփեստները մերօրեայ,

իմաստակնե¯րը դիմակադէմ.

Տեսայ խիղճը ծախած՝

տմարդիներ անպարկեշտ,

Տեսայ կեանքի ղեկը կորսնցուցած

դատարկապորտ մարդակերպեր,

Տեսայ սուտը իրաւի նման վաճառող

ճարպիկ վաշխառուներ՝

Ծեքծեքուն կաչաղակներու նման,

Եւ սնոտի մեծութիւններ.

Ա¯խ, երանի չտեսնէի…

Տեսայ եսակեդրոն,

Նախանձի կիրքէն կուրացած այրե¯ր,

Տեսայ միջակութիւններ եղկելի՝

Ժողովուրդներ խուժանի վերածած,

Թաւշեայ գահերու վրայ բազմած

ազնուականները մերօրեայ,

Տեսայ նաեւ խոնարհ, անձնուէր մարդիկ՝

Բախտի լլկանքին յանձնուած, այլոց քմայքին զոհաբեր։

Տեսայ լուսանցքին նետուած

ամբոխներ անճիտուած,

Տեսայ բոլորէ¯ն, անթի¯ւ, անհամա¯ր,

դիմակներու ետին թաքնուած…

Ա¯խ, երանի չտեսնէի…

Քալեցի յոգնաբեկ, սրտաճայթ մոլուցքով,

Քայլերս մնացին անհաս, ճանապարհի եզրին.

Ուղեւորութիւնս դարձաւ ժամանակի մսխում,

Վիժած ժամանակի ափսոսանք…

Բայց ծիծաղ կայ իմ դէմքին,

Տարօրինակ արգահատանք.

Կոյրի խարխափող քայլերով

Հիասթափ ու վշտաբեկ,

Մարդը կ’որոնենք տիւ ու գիշեր,

Շիջած լապտերով Դիոգինէսի։

Պիտի քալենք դեռ երկա¯ր, անհաշխւ…

Ու մեր քայլերը երեւի մնան անաւարտ.

Մի՞թէ առանձին ենք մենք, թէ՞ բանակ անզօր։

Օ¯հ ոչ, ո¯չ առաջիններն ենք,

Ո¯չ ալ վերջինները այս աշխարհի…

Պիտի քալենք միշտ յառաջ,

Կորսուած մարդկութեան հետքերով…

2015

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 30, էջ 37-38։