ԵՍ ԱՅԾԵԱՄՆ ԵՄ ԱՆՏԷՐ
Ես այծեամն եմ անտէր,
Ինկած վայրի անտառի զառիթափին՝
Արիւնաքամ, հարուածներուն տակ գայլին.
Ես զոհն եմ զիս շրջապատող վոհմակին.
Ժանիքները սրած, կանգնած իմ գլխին,
Կը սպասէ յաջորդ աւարին.
Ես խոցուած որսն եմ գիշատիչներու երամին,
Որ կուլ-կուլ կը կրծոտէ մարմինն իմ,
Արեանս հեղեղները վերածած կարմիր գետակի.
Ես այդ այծեամն եմ ուղեկորոյս, թակարդուած,
Ինկած լերան զառիթափին, զոհ՝ վոհմակին,
Ու կը բզկտեն մարմնիս մասերը յուռթի,
Ես, յանձնուած անոնց քմայքին,
Ինքզինքս յանձնած ճակատագրիս,
Կը նզովեմ բախտս որ զիս դարձուց զոհը՝ այլոց վրէժին։
Ես այծեամն էի վայրի անտառին,
Մատաղը՝ գազաններուն գինարբուքին։
2013