ԵԿՈ՜ՒՐ ԻՆԾԻ, ՎԵՐՋԻՆ ԱՆԳԱՄ...

Մի՛ մերժեր բաժակս վերջին.

Կիրքերուս ընտիր գինին է հոն,

Զորս ցմրուր եմ քամած քեզի համար,

Հեղձուցիչ գիշերներուս մէջ մոլագար.

 

Մի՛ կոխկրտեր դռանդ շեմին փռած վարդերս կարմիր,

Կորսուած օրերուն համրանքով եմ զանոնք հաւաքեր,

Զղջումի հազար երգ ու վէրքերով խնամեր.

 

Կը հաւատամ, որ սրտիդ մութ ծերպերուն,

Պուտ մը խանդաղատանք, ափ մը արցունք ու սէր

Պահած ես անցեալի օրերէն քաղցրայուշ։

 

Մի՛ մերժեր վերջին ճիգը անցաւորիս,

Գուցէ սա պահը վերջալոյսն ըլլայ մեր շնչաւոր օրերուն,

Որոնց ճաճանչող լոյսի ու հուրի բախտը քեզի՛,

Վայելքին հպումն ու անհունին ձգտելու երազանքն

Ալ ինծի է վերապահուած, անկասկած.

 

Եկո՜ւր, ալեկոծ ու խենթ ծովուն հետ մրրկաշունչ,

Շշնջա՛ ականջիս, վերջին մեղեդին քաղցրաշունչ,

Վաղը պիտի չգտնես զիս՝

Կլանող աղջամուղջին մէջ խռովայոյզ,

Միայնակ ու տխուր պիտի փարիս վերջին

Համբոյրիս, որ դրոշմուեցաւ ծարաւի շրթներուդ.

 

Իրօ՛ք, սա վերջին առիթն է երանելի,

Խոյանքի ու սիրոյ թռիչքի,

Եկո՛ւր կարօտաբաղձ իմ վերջալոյսին,

Գրենք վերջին երգը մեր մոլորած սիրոյն...

 

2008