ԵԿԷՔ ՓԱԿԵՆՔ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ

Եկէք փակենք վարագոյրը

Ու բանանք բոլոր փակագիծերը։

Թող լռեն գնչուները, կիները լալկան,

Թող դադրին ճիչերը մանկան,

Չքանան բամբասանքի խօսքերը անհամար,

Լուրերը՝ խաբէական ու քնաբեր։

Ի՞նչ մնաց փակագիծին մէջ.

Ոչի՛նչ, պարզապէս,

Հատ ու կենտ բառեր անգոյն,

Բժիշկին գիրքէն փրցուած։

Միայն այդքան, ուրիշ ոչինչ։

 

Հիմա բացէք վարագոյրը

Ու վերադարձէք ձեր նողկալի խաղապտոյտին։


2022