ԵԿԷՔ ՊԱՀԵՆՔ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ
Կը փոխուին ժամանակները, Կը փոխուին մարդիկ,
Բայց չեն փոխուիր իրողութիւնները…
Կու գան ցաւ ու պատուհաս մնայուն,
Ու դաւադիր ձեռքեր կը դարպասեն մշտարթուն,
Բայց հայուն արեւը կը ճառագայթէ յաւէտ տրոփուն.
Դաւ ու խռովութիւն, անմիաբանութիւն
Հայուն պատուհասած ողբերգութիւնն են
Դարերով, բայց հայը մնացեր է կանգուն…
Մինչեւ այն ատեն, որ Արարատը կայ հայուն հոգիին մէջ,
Հայրենի հողին շունչը՝ մեր երակներուն մէջ,
Մինչեւ այն ատեն, որ հայկեան ոգին կ’ապրի մեր մէջ…
Կու գան դեռ սեւ ամպեր մեր վերեւ,
Կը նահանջէ մեր հաւատքը գալիքին հանդէպ,
Բայց չի՛ շիջիր հրեղէն արեւը մեր երկրի վերեւ.
Եկէ՛ք չկորսնցնենք կողմնացոյցը մեր ճանապարհին,
Դեռ կայ պայքար, դեռ կան հաւատացողներ ցեղին
Լինելութեան ու յաղթութեան, վաղուան լուսաբացին,
Դեռ կան խենթեր պատնէշին վրայ, բազուկներ արի,
Պիտի թափեն թանկ արիւն եւ պայքարին անդրդուելի,
Յանուն մեր ցեղի վերելքին, անոր վաղուան՝ երանելի…
2017