ԵԹԷ ՉԸԼԼԱՅԻՐ
Եթէ ներշնչող երազները չըլլային,
Ի՞նչ արժէք ունէր կեանքի այս գողգոթան,
Եթէ դուն չըլլայիր առանցքը երազներուս,
Ի՞նչ իմաստ ունէին գիշերի թափառումներս,
Ի՞նչ կը մնայ երազներէն անդին,
Բացի խշխշացող տերեւները մեր ոտքերուն տակ,
Որ յուշ են, պատրանք, անցեալ անյիշաչար,
Եթէ չըլլայիր առանցքը կեանքիս,
հետեւող ստուերը իմ երթին,
Ի՞նչ իմաստ ունէին մաքառումն ու հեւքն այս,
տարամերժ գալարումն առաւել։
Երախտապարտ եմ քեզի,
Որ եղար ներշնչանքը բաբախող սրտիս
Քաղցր զեղումներուն այս,
Եւս եթերին մէջ նետուած բիւր պղպջակներուն,
Որոնց ամէն մէկը աշխարհ մը եղաւ սիրոյ արարումի
Ամէն օր։
2022