«ԴՈՒՆ ԻՆԾԻ ՊԷՏՔ ԵՍ ԴԵՌ...»

Եւ բորբոքեցաւ իմ մէջ վարակը դարու,

Կատղեցան բջիջները մարմնիս ինչպէս մաղձոտ զայրոյթ,

Մի՞թէ մահուան դուռ մօտեցայ ես ալ, այլոց նման,

Հարց տուի ես ինծի, բայց ձայն մը ներսէն՝

«Դուն ինծի պէտք ես դեռ, հէ՛ք երիտասարդ...» ըսաւ։

 

Օրերը ծանր էին, սարսափն իմ մէջ՝ հիմնաւոր,

Իմ մէջ հարցադրումներ կային դեռ այս կեանքէն՝

Մի՞թէ մահը պիտի յաղթէ, թէեւ պատրաստ չեմ,

Հարց կու տայի ես ինծի, բայց ձայն մը ներսէն՝

«Դուն ինծի պէտք ես դեռ, հէ՛ք երիտասարդ...» ըսաւ։

 

Օ՜հ, դժոխքի վարակ,

Մահուան բանալիները քեզի ո՞վ տուաւ,

Այսպէս անարգել ու յանդուգն կ’արշաւես ամէնուր։

Դուն մահն ես, ես դեռ կեանքը կը դաւանիմ, անհեթեթ թէեւ,

Ես յաղթեցի՛ քեզի, ո՛չ մահուան, որ դեռ պիտի գայ։

«Դուն ինծի պէտք ես դեռ, հէ՛ք երիտասարդ...»

Ըսաւ ձայնը ներսէն ու լուռ հեռացաւ։


2021