ԴՈՒՆ ԳԻՏԵՍ

Ես նման եմ շունին յօշոտուած,

Փողոցի մայթեզրին նետուած...


Զիս տապալեցին օրերը, որ չբաժնեցիր,

Սեղանիս թթուած գինիին նման,

Հիմա կը նայիմ անոնց հառաչանքով,

Ամէն գիշեր, երբ օրացոյցիս թերթերը,

Վարդի մաշած փերթին նման, թափին վար,

Կ᾿ողբամ մթնշաղները, որ սուզուեցան հոգիիս մէջ,

Ո´չ իսկ կայծ մը դրոշմելով անոր խորքին:

Ես հաւատարիմ մնացի հոգիիս ձայնին,

Որ թրթռաց վերջին համբոյրիդ տաք դրոշմով…

Ես նման եմ շունին հաւատարիմ,

Ա´յն ժամանակի օրէնքով,

Որ գնաց անդարձ, ա´լ չկայ հետքն անոր՝

Արհեստական այս օրերուն:


Հիմա, երբ կը նայիս վերերէն, չեմ գիտեր ի՞նչ տեսքով,

Գիտես արդէն թէ լռութիւնդ մահաքունս էր.

Իսկ այդ ո՞ր շան տեսակին պիտ բաղդատես իմ տեսակը

Յիմար ու քոսոտ, որ դեռ կ᾿որոնէ իր երբեմնի տէրը։

Ես այդ քոսոտ շունն եմ յիրաւի,

Որ կը թափառի փողոցները, գլխահակ,

Մարդոց ծաղրն ու ծիծաղը իր ականջին:


Մնաս բարովի ե՞րգն է միթէ այս տխուր մեղեդին,

Թէ՞ փսփսուքն է աստղերուն, լուսամուտէն սողոսկած:

Ես լքուած շունն եմ՝ անտէր այս ժամանակի:

2015

ԲԱԳԻՆ, ԾԴ. Տարի, Հոկտ.-Դեկտ. 2015, Թիւ 4, էջ 67: