ԴՈՒՆ
Գիշերին մէջ ծործոր ու կարկաչուն,
Թախծոտ վէտ-վէտ հնչիւնները ալիքի
Կը բախին սրտիս տարտամ լարերուն
Ու կ’ուրուագծեն պատկերներ գոյնզգոյն.
Երգ մը կ’ուրուագծուի
Անաստղ երկնակամարին վրայ.
Սիրոյ թրթիռներ կը ծնին
Ծովուն բացերը
Գորշ հորիզոնի հեռակայութեամբ,
Ու դէմքդ յանկարծ կը պայծառանայ.
Քեզի կ’ուղղուին խոկումներս միստիկ,
Սրտիս ալիքները հեռահար,
Համակ երազանք ու ցօղ, կ’իջնեն
Խոր գիշերին մէջ տարտամ,
Լուռ սրտիս ափերն ի վար,
Ու անձկութիւններ կը ծնին անմոռաց։
Սիրեցի գիշերը խորհրդաւոր,
Ժպիտը արծաթափայլ աստղերուն,
Որովհետեւ գիշերին մէջ, երբ եկար,
Տեսայ, թէ ես կա՛մ ու կ’ապրիմ քեզմով միշտ։
Ես կցորդն էի, որ հետեւեցաւ քեզի,
Սիրեց
Ու քալեց աստղերուն հետ օրօրուն,
Լուսինը թիրախ ընտրած.
Ես երջանիկ էի քեզմով,
Տառապանքի սիրով մը անձնատուական,
Գիտեմ, օ՜հ, գիտեմ վստահ, որ կաս ու կը մնաս
Անբաժան երազանքը թախծոտ գիշերներուս...
2014