Դոկտ․ Արթուր Անդրանիկեան՝

Նամակ առ Խաչիկ Տէտէեան


Նամակ առ Խաչիկ Տէտէեան

«Երազէն անդին» /հտ3, Երեւան 2023/ ժողովածուի առթիւ

 

Սիրելի Խաչիկ, մեր «փոթորկոտ ժամանակներու» բանաստեղծական տարեգրութիւնը ստանձնած բարեկամս, քեզի արդէն յայտնի է կարծիքս «Երազէն անդին» նախորդ երկու հատորներուդ մասին, հիմա  բաւական ատեն անցած է, այս վերջին հինգ տարիներու ընթացքին դուն ալ որոշապէս կշռադատօրէն ճշդած ես մտածումներդ ու անոնց ծիրին մէջ տակաւին անբացայայտ զգայնութիւններ յայտնաբերած, մինչ այդ գուցէ եւ անծանօթ։ Եւ իբրեւ բանաստեղծի զգօնութիւն ապրող մտաւորական մը ամէն պարագայի չես խորշած առերեսուիլ մերօրեայ «ինքնաբաւ» ճշմարտութիւններու հետ, յատկապէս երբ խնդրոյ առարկայ է հայութեանը պատուհասած վերջին տարիներու իրադարձութիւնները։

Այս հատորդ ատ դիւրազգաց յատկանիշներով որոշապէս կը տարբերուի նշեալ հատորներէդ։ Ասկէ անդին կ՛ուզեմ ընդգծեալ մասնայատկել բանաստեղծական խօսքիդ անպաճոյճ՝ իր խորքին մէջ սփոփեցուցիչ վաւերական ընթացքը։ Յամենայն դէպս, ես ինծի թոյլ կու տամ ըսել, արձանագրել, որ բնաւ ճիգադիր չեմ փափագիր շռայլել աւելորդ, ապաժամ գովաբանական խօսքեր,- ատոր կարիքը բնաւ չունիս,- վասնզի գրադատութիւնը ընթերցողներու առջեւ գոց դուռ մը բանալուն պէս բան մը կը նկատեմ՝ ներկայացնելու համար տուեալ գրողին խոկումները՝ բոլորովին այլ հայեացքով, տեսակէտով, թէ վերլուծակերպով, ինչպէս կ՛ուզես։

Արդ, հաւատայ, սրտով եւ մտածումով կ՛ուզեմ որոշ փակագիծեր բանալ՝ ընդլայնելով ինքնաբացայայտ այն աշխարհը, որ «եղաւ սիրոյ արարումի» եւ քու ճիգերուդ ընդմէջ։ Այդ աշխարհը զոր կը կոչուի բանաստեղծական, ամենեւին ալ անձուկ տարածութիւններու պարփակեալ ու ինքնաբաւ «տարածք» մը չէ եւ բնականօրէն  ելման կէտերու հանգրուանի մը միշտ կը կարօտի, ուրկէ դուրս ելլելու ճիգերդ ակնյայտ են սէր, անձնականութիւն, ներաշխարհային բնապատկերներու ձգողական տեսադաշտ, ազգային խնդիրներու թնջուկին մէջ խարխափող անյուսալիութեան պրկումներ․․․ Եւ այս ամէնը Հայու՝ ճշդիւ մտաւորական հայու, իր անինքնութիևւնը քաջ գիտցող ու տեսակ մը ինքնամարտահրաւէր յայտարարած Հայու սիրոյն՝ ժամանակ եւ տարածութիւն հասկացութիւնը, հակասութիւնը ըմբռնած ժամանակին եւ ճիշդ տարածութեան մը մէջ, այլ խօսքով՝ տեղւոյն վրայ ինքնագիտակցութեան եկած, ինչ որ կը նշանակէ Սփիւռքի գիտակցումն ապրած ու չսփիւռքացուած օրաւուր, աւելի ուժգին ու նշանակալից արմատախրումի դժուարութիւնն ու ի վերջոյ, վայելքը ճաշակած եւ նպատակասլաց։ Ես կը զգամ տարածական լոյսի մը փողփողող ընթացք մը, բանատողերուդ ընդմէջէն, զոր կը տարածուի ջերմացնելուն պէս, կարծես թէ ընթերցողին ալ հասանելի-տեսանելի  կը դառնայ մեծարենցեան «կը մանկնամ արեւին դէմ» պատգամը։ Սփոփեցուցիչ հանգամանք մը զոր էական կը համարեմ, մանաւանդ մերօրեայ իրականութեան մակընթացութիւններու ու տեղատուութիւններու գրեթէ անժամանակային իրականութեան մէջ։ Ինչու՝ անժամանակաիյն ատոր պատասխանը տուած ես հայրենասիրական բանաստեղծութիւններուդ մէջ, բայց զիս չես համոզէր նշեալ բանաստեղծութիւնները ամենեւին ալ այդպիսիք չեմ համարէր, անոնք պարզապէս բանաստեղծական տարեգրութիւններ ըլլալով՝ կ՛արտայայտեն ընդվզումներդ, մտածումներդ, որքան էլ տխրառիթ ըլլան՝ աննախադեպ զոհաբերեալ պատերազմ մտասեւեռումներ Հայու գենի ինքնակործան ծաւալումներ եւ այլն։

Սիրելի Խաչիկ, կ՛ըմբռնե՞ս այս ճշմարտութիւնները, վստահ եմ, այո, կը ճանչնամ մտաւորական տեսակդ ու տեսակէտներդ այլեւալ խնդիրներու վերաբեր։ Եւ եթէ ըսածներուս հաւատ կ՛ընծայես, ուրեմն ատիկա խօսք մըն է, որ ամէն ինքնաբաւ մարդ  ալ, եթէ իրեն, ինչպէս Յակոբ Օշական կ՛ըսէ «Նախ մարդ, յետոյ հայ» կը համարէ ասոր ճշմարիտ ըլլալուն մի կասկածէր, չնայած ճշմարտութիւններու մասին պէտք է միայն․․․ երեւակայիլ, անոնք տարբեր են ու տարընթաց։ Կ՛անցնիմ։ Վասնզի երեւակայող բանաստեղծ մըն ես, իրականութեան եւ երեւակայութեան ընդմէջ կ՛ապրիս, երբ հարց կու տաս, որու՞ «Յո երթաս Հայաստան» ու երկիրդ հնամեայ տակաւին կ՛ապրի, ինչպէս կը գրես «յառած երկնքին լոկ բախտի աչքերով»։ Երկի՞րն ալ կը երեւակայէ, ի՞նչ կը կարծես, թէ՞ քամիներուն լլկանքին յանձնուած կը շլմորի։ Հոս ժամանակային իրավիճակի մը ականատեսն ենք քաղաքական, ընկերային եւ ամէնէն էականը՝ հետընթաց մշակութային, ինչ որ առաւելս կը դժգունէ ամենուս, թէկուզ եւ տարբեր հոգերով, մտածումներով կ՛ապրինք, բայց կը պատկանինք նոյն ցեղին սիրտ ունեցողներուն ու կը պարփակուինք անվերջօրէն, կը պարփակուինք հազարամեայ մեր արեան յոյժ արտայայտիչ ջերմութեան մէջ ան կը ծլարձակուի ու իր առաքինութիւններու հանդէսը կը բանայ ի տես անականջալուր աշխարհին․․․ եւ արդեօ՞ք կրցանք գիտնալ թէ «մի տար զմեզ ի փորձութիւն» աստուածահաճոյ պատգամէն մենք փորձառութիւն առա՞ծ ենք, ինչպէս դիտել կու տաս «պայքարն է մեր ուղին»։ Տոկալու աննկունութիւնը անշուշտ պէտք է բաւարար ըլլա՞յ մինչեւ մեր «անշեղ տեսիլքին» հասնիլը։ Ըսել կ՛ուզեմ ապագան կ՛ուրուագծուի՞, թէ՞ «հին երգը կրկին» պիտի լսուի՝  «տխուր երգը դարերուն»։

Ի վերջոյ սա պէս շարունակաբար  «ի՞նչ մտածողութիւն մեզի պիտի պարտադրէր», որ պատրանաթափ չըլլանք։ Կը տեսնե՞ս մտածումներուս ընթացքին հարցադրումներ կ՛ընեմ, կը յիշե՞ս արդէն գրած եմ, որ դուն հարցադրումներու բանաստեղծ ես, քեզմէ կու գայ՝ թերեւս մտասուզումէս, որ աւելի անմիջական ցանկութիւն մըն է, այդ պատճառաւ նամակով կը դիմեմ, վստահ, որ եթէ «ի խորոց սրտի կը նզովես», ապա միայն այն հաւատքով, որ «իմ ցեղը խրոխտ կանգնի»։ Այս մտայնութիւնը սոսկ բարի ու բարեբեր ցանկութիւն մը չէ, այլ «արժանապատիւ ապրելու» կոչ ու ահազանգ՝ Հայաստան եւ ի Սփիւռս։

Եղբայրօրէն՝ դոկտ Արթուր Անդրանիկեան,

8 փետրուար, 2023, Երեւան

Յատուկ «Ազդակ»ին համար