ԴԱԳԱՂԻՆ ԱՌՋԵԻ
Մեռելներն ալ իրենց հմայքը ունին։
Երբ մարմարէ արձանի նման հանգչած
Դագաղին մէջ կը տենչան հեռուներուն
Գիրկընդխառնումը ոգեղէն։
Տարեցներ յուշած էին, թէ՝ «սիրե՛լ է պէտք»,
«Սիրելով մեռնին եթէ, պիտ ապրին յաւիտեա՜ն ու երջանիկ»
Ըսած էին նաեւ՝ «գեղեցի՜կ է կեանքը,
Բայց հոգիին փրկութեան համար
Պարտի ապրիլ մարդ ու բարիք գործել»։
Հիմա պիտի երթար միանալու իր ննջած սիրելիներուն.
Ո՜հ, ինչ շքեղ ու գեղեցիկ երեւոյթ ունի ան այսպէս լո՜ւռ,
Կարծէք մեղրամոմի կաղապար մ’ըլլար լուսափայլ,
Պիտի արշաւէ նժոյգի մը վրայ քառասմբակ
Իր յաւիտենական խաղաղութեան։
– Դադրեցուցէ՛ք ծիծաղն ու արտասուքը ձեր
Դէմքերուն վրայ, ուրուականի մը նման։
– Մի՛ լար, կին, ան կը պարէ
Սրտին հրճուանք երանական,
Տե՛ս, լուսեղէն աստղի մը նման
Անկը ճախրէ ազա՜տ, ամպերն ի վեր։
Իսկ ի՞նչ կը մտածես դո՜ւն, այսպէս ներհուն,
Ժոգոնտայի սառած ժպիտովդ խոհուն։
Մի՞թէ կը նախանձիս խնճոյքին, որ պիտի գայ,
Երբ վերջալոյսի վառ արցունքները հոսին,
Ցօղի նման մոլորած ճակատներուն սառն,
Ու կենաց կիրքը վերագտնէ իր հունը սոնքած,
Երբ ամէն հարց ստանայ պատասխան՝
ի վերուստ տրուած.
Ի՞նչ պիտի ուզէիր շշնջալ մնացողներուն մոլորած,
Ինչե՜ր, ինչե՞ր պիտի ուզէիր ըսել անոնց հիմա։
Չզայրանաս։ Ո՛չ իսկ կոպիտ նայուածք մեղադրական։
Չմեղադրես ոչ ոքի,
Երբ խունկին գոլորշին ջնջէ յոգնած կիրքերը անցեալի,
Դուրս գան փակ տուփերէն
Պատկերները յուշի՝
Կեանքի քամիներուն տրուած։
Արդէն թաց է հողը, սառն,
Պոռնիկի մը բորբոսած շրթներուն նման։
Հո՜ն կայ անկումը երբեմնի յոյսերուն,
Պատրանքներուն,
Ու սկիզբը՝ ծանծաղ անորոշութեան։
Այդ արդէն գիտե՛ս դուն հիմա, աւելի քան երբեք։
2016