ԳՈՅԺԻՆ ԴԻՄԱՑ

Փակէ´ սրտիդ դարպասները

Պողպատեայ շղթաներով ամուր,

Մի´ թողուր լոյսի ոչ մէկ նշոյլ մուտք գործէ ներս,

Տխրութիւնն է նենգաբար սողոսկած հոն.

Թող չիմանան մարդիկ ցաւն այդ անողոք:

Կղպէ´ ամուր, որ չտեսնեն ծերպերէն ներս

Ինչե՜ր կը կատարուին սա պահուն.

Սա պահուն դժխեմ դառնութիւնն է պատած,

Կը մղկտացնէ հոգին դաժանաբար.

Գոցէ´, փակէ´ բոլոր լուսամուտները ճաթռտած,

Անվերջ գոյժերը կը թակեն փականքները ժանգոտած.


Ի՞նչը կը պահէ սա դալուկ սիրտը բաբախուն,

Յո՞յսն է արդեօք, թէ՞ ոյժ մը խորհրդաւոր,

Երբ լեռ ու ժայռ կը գլորին,

Երբ կամուրջներ փուլ կու գան վիհն ի վար,

Երբ աստղեր կը շիջին անժամանակ,

Ի՞նչն է, որ կը մղէ սա սիրտը բաբախել տակաւին,

Երբ վիշտը կը խոցոտէ, կը բզքտէ անոր երակները բոլոր:


Փակէ´ հոգիիդ անցքերը սա պահուն,

Թող չիմանան մարդիկ՝ ինչ կը պատահի հոն,

Գուցէ մոռացութիւնը սրբէ տանի ամէն ցաւ,

Ու շարունակուի քաշքշուքն այս անցաւոր,

Մինչեւ նոր գոյժ մը դառնայ լսելի,

Տխուր օր մը անողոք:


Փակեցէք լուսամուտները բոլոր,

Թող լռեն բոլոր ձայները անզօր,

Թող չիմանան մարդիկ ցաւն այս հզօր:

2017