ԳՈՂՏՐԻԿ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Ես չորոշեցի աշխարհ գալ,

Ո´չ ալ գիտեմ՝ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի մեկնիմ.

Կեանքը, զոր ապրեցայ

Մի՞թէ իմ արարածն ու յղացածն էր…

Գիտեմ սակայն, որ թոհուբոհին մէջ այս քաոսային,

Առինքնող բարկ գինին ես ըմպեցի ցմրուր,

Աշխարհը տեսայ իր խորհուրդներով անմեկնելի,

Ու սիրելիներ ետիս ձգելու սարսափն եթէ չըլլար,

Վաղո~ւց, լայնաբաց թեւերով կանգնած,

Պիտի ուղիղ նայէի բախտ կոչուած անանուն ճիւաղին

Ու գոչէի. Եկո՜ւր փութով, պատրա՜ստ եմ վաղուց,

Տա´ր զիս անծանօթին, հո´ն, ուր երանելիները կ᾿երազեն,

Թող որ ծիծաղիմ անոնց՝ խաբկանքի զոհերուն …

Ես չորոշեցի աշխարհ գալ,

Ո´չ ալ գրած եմ վերջաբանը իմ վէպին,

Պարզապէս, զայն կիսատ ձգելու սարսափով կը կառչիմ

Ինծի վիճակուած այս կեանքին…

2017

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 29-2018, էջ 33։