ԳԻՏԵՄ

Աչքերդ թախիծ ու կարօտ կը յուշեն,

Նուաղկոտ սէր մը կը յամենայ հոն,

Հանգած կայծ մը կարծես՝ մոխիրին տակ։

 

Գիտեմ, ուրախ չես...

Կը տեսնեմ նկարիդ ընդմէջէն,

Հեռուէն.

Նստած համակարգիչիդ դիմաց։

Կ’ենթադրեմ՝

Կը հալածես ամէն խօսք ու լուր,

Որ կրնաս որսալ հոնկէ,

Բայց չես կրնար արտայայտել,

Չես կրնար սիրտդ պատռել

Ու թափել լուտանքներ հասցէիս,

Որովհետեւ կը սիրես դեռ։

Գիտեմ,

Սիրով մը պատանդ, որ կը հիւծէ քեզ,

Սրտիդ հառաչանքները կը լսեմ, հաւատա՛,

Փոխարէն սիրոյ արձագանգներ կ’ուղարկեմ

Բացերը ամայի ծովուն, կապոյտ գիշերին,

Որ ոչ ոք չիմանայ, հասցէն անոնց։

 

Հանդիպակաց ափերուն

Մինչ կը խորհինք փակ աչքերով,

Սրտի խռովքներով ծանրաբեռն,

 

Անջրպետը համր կը լսէ տրոփներ հեւքոտ

Ու աստղերը մոլորուն

Կը հասկնան՝ ի՞նչ է սէրը հեռուէն,

Կը սորվին սիրել նոյնկերպ

Ու տանջուիլ լուռ,

Ապարդի՜ւն։

 

Նկարդ կը ծնի ձայներ նուաղկոտ։

Սիրոյ ձայնն է, որ կը քալէ աչքերուս մէջ։

Ձայներ, որք կը մարին անծիր եթերին մէջ։

 

2020