ԳԻՇԵՐԱՊՏՈՅՏ
Անհեթեթ պատկերներ,
Հարազատ եւ օրինաչափ,
Կը գրոհեն ուղեղիս բջիջներէն ներս
Արեանս մէջ հոսող թթուածինին կշռոյթով.
Կը դիտեմ փողոցը ամայի,
Երբ գիշերի սարսուռը համատարած,
Տիրակալ Աղեքսանդրին նման
Զգետնած է մարդը բանական,
Անբան անասուններու անհոգ պտոյտին։
Ձայներ պայթիւնի
Անտարբերութեան
Ու անջրպետի բախումներու
Կը հրմշտկեն զիրար աղջամուղջին մէջ.
Մանուկներն ալ չեն ճչար,
Միտքը լուռ է ու անճրկած
Հոգին կը բանի արագ ժամացոյցի մը նման,
Ոչինչ յստակ է.
Անորոշը կը կլանէ յայտնին,
Կ’անճիտէ, կը գալարէ, կը յաղթէ։
Աստղերը լուռ են անբնականօրէն,
Բայց բախումը կը շարունակուի.
Կռիւ է ամէնուրեք։ Յաղթականներ չկան,
Ամէն ինչ օրինաչափ է,
Զզուելի ըլլալու չափ անորոշ ու իրական։
Ձայները կը նուաղին,
Հոգին կը մտնէ մահաքունի,
Փողոցի շուները անփոյթ կը թափառին։
Սիրտը կը բաբախէ ուժգին,
Կ’ապրի ձայներու երկունքին մէջ,
Երեւութապէս թափանցիկ,
Կը սպասէ արշալույսին,
Որ կը յամենայ...
Ըսին՝ ժամացոյցին նայիր,
Ժամացոյցը կը չափէ հոգիին տրոփները
Ու արեանս գերճնշումը անկանոն,
Իսկ արեւը պիտի ծագի այնժամ,
Երբ ժամացոյցը դադրի արձանագրելէ
Անհեթեթին յանկերգը.
Կը սպասեմ արշալույսին,
Որ կ’ուշանայ։
Գիշեր բարի կ’ըսեմ ու կը յանձնուիմ
Օդապարակի շրջապտոյտին,
Կը ձուլուիմ անջրպետին մէջ,
Լոյսերու հրախաղին,
Երազներու առինքնութեան խօլապարին։
Անհեթեթը զգետնուած է։
2022