ԳԻՇԵՐ
Գիշեր է, լուռ ու խոնջած գիշեր...
Հեռու են աստղեր, երազներ ու պատրանք.
Կը ճնշէ մորմոքը հոգիին,
Աղացուող ցորենին նման.
Կը տեղայ անձրեւ յորդ,
Հող ու քար կը խմեն կուշտուկուռ։
Ցուրտ է, հոգիի ու երկրի, Լոկ երկինքը երանելի
Կը պարպէ իր ծանր բեռը աշխարհիս վրան։
Շունչը հողին կը թափանցէ հոգիէս ներս։
Հեկեկանքի՞ ձայն է, թէ՞ անձրեւին,
Ընդերքներէն եկող պոռթկումի ձայնե՞ր են,
Որ կը հասնին ինծի որպէս խորհուրդ աղերսախառն։
Կը շիջին հոգիին մորմոքները թանձր,
Եւ մորմոքները քաղաքի՛ն,
Եւ հողի ընդերքին։
Գիշեր է, լուռ ու խոնջած գիշեր,
Դուրսը դեռ կը տեղայ անձրեւ յորդ։
2018