ԳԵՐՈՒԹԻՒՆ

Երբ լսեցի զինք,

Իսկոյն հաւատացի արժանիքին՝

Իր մէջ թաքնուած:

Ձայնէն յափշտակուած,

Դէմքով կախարդուած,

Դարձայ գերին իր պաշտամունքին:

Հեզ ու տխրադալուկ նայուածքին մէջ

Երկնային գեղեցկութիւն կար քօղարկուած...

Երգին մէջ, պարզ ու խորիմաստ,

Տառապանք մը՝ անթեղուած, յագեցած...

Երգը կու գար հեռուներէ՜ն,

Հոգւոյն խո՜ր անդունդներէն,

Ու կը ճեղքէր ներաշխարհիս շերտերը բոլոր,

Կ’արձագանգէր որպէս դառնութեան նոյնացում,

Որպէս արձագանգ ներքին խռովքներուս...:

Ելեկտրականացած էր հոգիս,

Ելեկտրականացած էր ողջ մարմինս,

Իմաստութեան վերջին խօսքերն էին,

Որ կը մարգարէանար շրթներուն վրայ,

Ու կը ստանար կատարեալի չափանիշ...

Ու ամէն անգամ, երբ լսեմ զինք,

Երգը կ’արձագանգէ ներսիդիս

Թրթռացումով մը մշտանորոգ...

1985