ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Երջանկութիւն կը փնտռէի երէկ.

Երջանկութիւն կը փնտռէր եւ համայն մարդկութիւնը.

Երջանկութիւն կը փնտռեմ նաեւ այսօր.

Բայց երէկէն այսօր՝ երջանկութեան զգացումը

Կը զգենու նո՜ր իմաստ ու խորք:

Երջանկութիւնը կը ծնի մարդուն մէջ

Միայն այն ատեն, երբ յաղթանակէ

Ներքին բոլո´ր տկարութիւններուն.

Երջանկութիւնը կը յաղթանակէ ա´յն ատեն,

Երբ կիրքերն ու ձգտումները կը դառնան

Չափաւոր, հարազատ, մարդկայնակա՜ն...:

Երջանկութիւնը կը մնայ երկրորդ երեսը

Մարդկային կեանքի մետալին...

Կ’իրականանայ ան, երբ մարդը

Գիտակցի´ այս պարզ ճշմարտութեան...:

Երջանկութիւնը իրողութիւն կը դառնայ,

Երբ մարդը կ’ազատագրուի ներքին բռնակալներէն.

Երբ մարդը կը դադրի Աստուածամատոյց իր մղումէն

Կամ՝ չարին ձգտումէն, ու կ’ըլլայ

Մա´րդ՝ ամէն բանէ վեր...:

1985