ԲԱ՛Ց ՀՈԳՒՈՅԴ ԴՌՆԵՐԸ...

Չհաւատաս,

Թէ գիշերը, երբ իր մուգ շղարշը տարածէ

Մշուշոտ հոգւոյս վերեւ

Ու ննջեն ցոլքերն իմ պատիր՝

Օրուան մը ցաւագար մոլուցքէն,

Հոգիս կարող է պահ մ’իսկ լքել քեզ՝

Շփոթիլ ամենեւին։

 

Քանզի նոր կը սկսին խարխափումներն իմ,

Ուրուականդ, գիշերին, կը սկսի պարուրել զիս,

Գրկել զիս, ինչպէս սիրատարփ սրտեր կը գրկեն զիրար՝

Երբ հանդիպին։

Իսկ ես տաքուկ գրկիդ մէջ հեշտագին

Կը մոռնամ ցաւերս, ալեկոծումներս բոլոր,

Կը չքանան յուսալքումներս խոր ու ցաւագին։

Ես կը դառնամ գիրկդ բաբախուն,

Սրտիդ տրոփներուն հետ

Մեղմելու լլկումներն իմ հոգւոյս

Ու վիշտերս անհամար.

Օ՜հ, այնքան են անոնք բազո՜ւմ։

Իսկ դուն, հոգեա՜կ, ինչպէս սիրտ մը անհուն անջրպետ,

Չես զլանար զիս գգուել, պարուրել։

Օ՜հ, երախտապարտ եմ անհունօրէն,

Քանզի սէրը պիտի դառնայ իր ջերմիկ բոյն,

Ինչպէս թռչնակը՝ իր ապահով բոյն,

 

Ես ալ ունիմ գիրկդ՝ գիշերին հեշտագին՝

Հարազատ տուն ու օրհնութիւն.

 

Գրկէ՜ հոգիս յոգնատանջ,

Իմ սէ՜ր, միակ, իմ սէ՜ր վերջին,

Սէ՜ր, սէ՜ր յաւերժ։

Ես կէսգիշերներուն կը դառնամ գիրկդ ջերմ ու շուայտ,

Մեղմէ՛ հրայրքը խենթ սրտիս, ցաւերս անհուն,

Ես կը դառնամ տուն, գիշերին մէջ անթափանց,

Բա՛ց հոգւոյդ դռները, գրկաբա՜ց՝

Երբ դառնամ տունս հարազատ,

Երկա՜ր ու ապաշնորհ թափառումներէս։

 

2022