ԲԱԽՏԻ ՔԱՄԻՆ
Բախտի քամի՞ն բերաւ քեզ իմ ափերուն,
Երբ կայմերը առագաստին վար էի դրած։
Ըսի՛ր՝ նաւարկենք միասին հորիզոններ հեռո՜ւ.
Կեանքի գարունը կը կանչէր քեզի, մայրամուտն ալ ինծի։
Ըսէ՛, բախտի քամի՞ն բերաւ քեզ իմ ափերուն։
Կեանքին պատրանքը ուժեղ էր, սիրոյդ հուրն ալ
Սիրերգ էր յուշիկ, նման զուլալ օրերու երազներուն փխրուն. Նաւարկեցի ծփուն ալեակներուդ հետ խաբկանքի ափերուն,
Թաց աւազներուն վրայ հեշտանքներուս տուի անդորր ու սիրերգ։
Կեանքին պատրանքն էր ուժեղ, սիրոյ հուրն ալ փոթորկուն։
Տաք ջուրերու խռովքին մէջ կորսուեցան պատրանքներս,
Ափին մօտ՝ կ’ոգեկոչեմ ցիրուցան եղած յուշերս խենթ։
2020