ԱՓՍՈՍԱՆՔ
Պարզապէս կ’ափսոսամ
Հայ մարդու այսօրուան՝
Ամէն անկումի,
Պարտութեան, ընկրկումի,
Ուրիշը չքմեղող,
Մեղքերն իր այլոց վերագրող կարծրատիպին.
Կը զարմանամ,
Լախտի հարուած կերած,
Կրկին ոտքի կանգնած, մոլեռանդ տեսակին։
Ան տուն կը շինէ անորոշին մէջ,
Նոր երազնե՜ր կը հիւսէ մռայլ քաոսին մէջ,
Գիտէ հաւատալ տարօրինակ հաւատքով մը անհուն,
Բայց չի՛ տեսներ,
Չի՜ սրբագրեր սխալները կործանարար,
Չուզեր փոխուիլ,
Ինքնադատողութիւնը նուաստացում կը նկատէ։
Մինչ ազգեր անջրպետը կը գրոհեն,
Դարձած են հզօր պետութիւններ,
Ան կը սիրէ մանրուքները դարձնել ազգային օրակարգ,
Զիրար դաւել, տրորել իր ճանապարհին,
Խանդը վերածել նկարագիր ու տաղանդ աներեր։
Կ’ափսոսամ հայու այս տեսակին,
Ոչի՛նչ սորվող, սխալները մի՜շտ կրկնող,
Թշնամիին համակրող, արիւնակիցին դաւող,
Ինքզինք գերիվեր նկատող, պատրանքներ հիւսող,
Տեսակն այս, որ կը տանի մեզ անդունդ։
Եւ կ’ափսոսամ հայու ա՛յն տեսակին,
Որ մահը կը նկատէ գերիվեր, ապրիլը՝ բախտ,
Ուրիշը կը տեսնէ վայրենի ու տգէտ,
Բայց իր տեսակը՝ մարդկային ցեղի ընտրանին՝
Ազնուական։
Ես կ’ափսոսամ հայու այս տեսակին։
2021