ԱՓՍՈՍԱՆՔ
Եւ եթէ հրայրքին մէջ այս խենթ
Ու կռիւին մէջ օրհասական,
Կ᾿որոնենք հանճարներ մենք դեռ…
Ու տատանումին մէջ Նոյեան Տապանի
Տակաւին կան հաւատքի խիզախ մարտիկներ,
Բախտաւոր ենք յիրաւի.
Բայց ո՞ւր են անոնք, այլակերպուա՞ծ,
Պատեանին մէ՞ջ նեղ՝ ժամանակի,
Թէ՞՝անգոսնած հրաժեշտի փողերով անշունչ
Կ᾿երթան երգել իրենց երգը տխրալուռ,
Մինչ ոգիները անճիտուած, ձայները խռպոտած,
Կը սուրայ նաւը լազուր՝
Ուղեկորոյս ու անփոյթ...
Եթէ գրկած ժամանակի ոգին թեւաթափ,
Կ᾿ուզենք հաւատալ, ու յարատեւել տակաւին,
Ի՜նչ վիթխարի կա՜մք ու հզօ՜ր ապացոյց
Հարկ է մարդուն, որ նետուի ծոցը մարտին բոցակէզ
Ու մերժէ պարտութիւնն այս ամօթաբեր,
Դառնայ ամբոխ ցնորած եւ ոչ՝ հօտ հլու,
Դառնայ ահեղ ամպրոպ՝ խոնաւ արշալոյսը ծնանող։
Եթէ ոչ հիմա, հապա ե՞րբ է ժամը զգաստութեան,
Ե՞րբ պիտի հնչէ ոգեշունչ կոչնակը բազմաձայն...
2013
ԲԱԳԻՆ, Հոկտ. -Դեկտ. 2013, ԾԲ տարի, Թիւ 4, էջ 25։