Շուշիի Ազատագրութեան 20 Ամեակը

Երբ առաջարկուեցաւ ինծի խօսիլ այսօր Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին մասին, պահ մը մտածեցի թէ ի՞նչ պիտի ըսէի որ կրկնութիւն չըլլար վերջին օրերուն Շուշիի մասին գրուած ու խօսուածներուն մասին, ի՞նչ ըսել, որուն տեղեակ չեն սիրելի Այնճարի աւելիով տեղեկացուած մեր ժողովորդը։ Միաժամանակ, կը խուսափէի իյնալ հռետորական ու զգացական հաճոյալից ոռոգայթին մէջ։ Յետ խորհրդածութեան, որոշեցի ներկայացնել այսօրուան իմ նիւթս, մեկնելով պատմա-քաղաքական կարգ մը ճշմարտութիւններ լուսարձակի տակ բերելով, ա՜յն հաստատ համոզումով որ պատմական վճռորոշ պահերուն, մեր ժողովուրդը ունեցած է հեռատեսութիւնը եւ բնազդային խիզախութիւնը՝ լուծելու ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գերխնդիրներ։ Ահա այդ մեկնակէտէն կ’ուզեմ սկսիլ իմ խօսքս։

Մեր պատմութեան ողջ տեւողութեան եղած են պահեր երբ մեր ժողովուրդը գտնուած է լինել-չլինելու, մահու-կենաց ճակատագրական եւ խիստ վճռորոշ պահի առջեւ, որոնց դիմաց առած է համապատասխան քայլեր։ Յիշեցնեմ անոնցմէ մի քանին միայն.

ա) հայ գրերու գիւտի ստեղծումը՝ պետական իսկ խրախուսանքով, որ մեր ժողովուրդին տուաւ անկախ գոյատեւման մշակութային-ռազմավարական ամենակարեւոր զէնքն ու յենարանը։

բ) Հայասանի՝ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, որ մեր ժողովուրդին պիտի շնորհէր հոգեւոր եւ կրօնական անկախութիւն, ազգային եկեղեցիի դիմագիծի տարազին տակ։

գ) Վարդանանց Աւարայրի գոյամարտը, որ մեր ժողովուրդին շնորհեց իր հաւատքին կառչած մնալու եւ իր հողին վրայ անկախ ապրելու եւ յարատեւելու իրաւունքը։

դ) 1918ի Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատագրական եւ գոյութենական մարտերը, հուսկ Մայիսեան յաղթանակը, որ մեր ժողովուրդին ընձեռեց անկախ պետականութիւն ստեղծելու ոսկեայ առիթը, 600 տարուան թրքական ստրկական լուծը թօթափելու երազանքը եւ առաջին հանրապետութեան ստեղծումը։

ե) Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրական շարժումը եւ հուսկ, Շուշիի, Լաչինի եւ Քելբաջարի ազատագրումը եւ ցամաքային կապով միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան, որ ռազմավարական մի քանի հարցեր լուծեց միանգամայն, որոնցմէ են.

1) Հայաստանի հողային տարածքը բարձրացուց 30 հազար քառ. քլմ-էն 42 հազար քառ. քլմ-ի։

2) Ապահովեց ներկայ Հայաստանի թիկունքը՝ թշնամի Ատրպէյճանէն, յետին փլան մղելով ազերի- թուրք երազանքը, միացնելու թրքական զոյգ պետութիւնները՝ համաթրքական-թուրանական երբեմնի նկրտումներէն։

3) Ազատագումը պատմական Հայաստանի արեւելեան դարպասին, պատմական Վարանդայի, Ջրաբերդի, Կիւլիստանի, Խաչէնի եւ Դիզակի խամսայի մելիքութիւններուն եւ մեր պատմութեան այնքան հոգեհարազատ հոգեւոր-մշակութային ու պատմական կեդրոններուն ու տարածքներուն։ Չմոռնանք որ Ղարաբաղի ծոցէն ծնած Իսրայէլ Օրիներն էին որոնք նախակարապետը եղան 18րդ դարու երկրորդ կիսուն հայ ազատագրական շարժումին եւ հետագայի ֆետայական, կամաւորական ողջ սխրանքին։ Իսկ ազատագրուած տարածքներով, ապահովութեան գօտիի ստեղծումը ամբողջ Արցախի սահմանի երկայնքով, պիտի ըլլար երաշխիքը անոր առ այսօր վայելող ապահովութեան։ Աւելին, շնորհիւ Շուշիի եւ Արցախի ազատագրութեան, ռազմաքաղաքականօրէն ան ապահովեց վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը։

4) Ռազմավարական խիստ նշանակութիւն ունեցող հարաւի դրացի, դաշնակից Իրանի հետ սահմաններու ընդարձակումով որ հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն պիտի շնորհէր գոյատեւելու եւ շնչելու առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի եւ ռազմական յենարանները։

5) Բարոյահոգեբանական՝ տկարի ու ենթակայի մեծ պատուարի քանդումը եւ յաղթանակներ կերտելու դրական հսկայ ներգործութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ, հակառակ անհամեմատ ուժերու հաւասարակշռութեան ու աշխարհաքաղաքական դժուարին եւ աննպաստ պայմաններուն։

Տակաւին չեմ ուզեր յիշել տնտեսական ու բազում այլ առաւելութիւններ զոր իրագործուեցան արցախեան գոյապայքարին ընթացքին, բայց կ’ուզեմ մասնաւորել Շուշիի ազատագրումը որպէս ռազմական եւ բարոյահոգեբանական, անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող խիզախ իրագործում մը որ յատուկ է միայն մեր ժողովուրդին, ամենադժուարին իսկ պահուն ստեղծելու կամքը՝ յաղթանակներ կերտելու։ Երբ Արցախի մեր ժողովուրդը կանգնած էր ամէն ինչ կորսնցնելու վտանգին առջեւ, երբ թրքացման ու հայաթափման 70 տարուան քաղաքականութիւնը կը միտէր պարպել Արցախը իր հայ ազգաբնակչութենէն, երբ մեր ժողովուրդը կ’ենթարկուէր նոր ջարդերու եւ տեղահանման՝ Պաքուի, Կիրովապատի, Շահումեանի, Գետաշէնի եւ այլ շրջաններու մէջ, երբ ազերին Նախիջեւանէն ետք կարգը եկած կը նկատեր Արցախի վերջնական կցումին, հուսկ անցնելու Զանգեզուրին ու Սիւնիքին, երբ Շուշին որպէս անառիկ բերդ գրաւելու զինուորական բոլոր օրէնքներն ու տրամաբանութիւնները կը մերժէին զինուորական ընտրանքը, կամ նուազագոյնը անոր յետաձգումը, ահա մեր ժողովուրդի խիզախ ու անկոտրում կամքը՝ պատմական, հոգեւոր ու մշակութային անառիկ միջնաբերդը ազատագրելու որոշումը եւ անթերի գործադրութիւնը, որ Արցախին շնորհեց վերջնական յաղթանակը եւ ստիպեց թշնամիին՝ ընդունիլ զինադադարի առաջարկները, որովհետեւ այլապէս հետեւանքները արդէն սկսած էին դառնալ ողբերգական՝ Լաչինի, Աղտամի, Քելբաջարի, Ֆիզուլիի, Ղուբաթլիի եւ այլ տարածքներու ազատագրումով։

Արցախի ազատագրումը իրագործուեցաւ շնորհիւ հայ ազատամարտիկներու եւ կամաւորական ջոկատներու քաջարի մարտունակութեան, որ արդիւնք էր հաւատքին, հաւատք՝ հողին, հաւատք՝ մեր պատմութեան ու երթին, հաւատք՝ մեր բազուկին ու կամքին, հաւատք՝ մեր հոգեւոր եւ ազգային բոլոր արժէքներուն, հաւատք մեր ցեղի արժանապատուութեան եւ վերջապէս հաւատք՝ մեր երէկի եւ ներկայի բոլոր նահատակներու թափած արեան, կանչին եւ ուխտին։ Այս էր գրաւականը մեր յաղթանակին, միասնական ու ամբողջանուէր մասնակցութեամբը Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի հայութեան, համա՜յն հայութեան։ Ահա այն երրորդութիւնը որ կը զօրացնէ մեզ, կու տայ երաշխիքը մեր հզօրութեան ու յարատեւութեան։

Արցախի ազատագրութեան թափնին Շուշիի ազատագրումն էր։ Եթէ չազատագրուէր Շուշին, չէր ազատագրուեր Արցախը։ Եթէ չազատագրուէր Լաչինը, չէր գոյատեւեր Արցախը։ Ու Արցախը ազատագրուեցաւ ու հայ ժողովուրդը դարձաւ տէրը իր ճակատագրին, իր հողին, իր ներկային ու ապագային։ Շուշին դարձաւ խորհրդանիշը մեր ռազմական գիտութեան ու կորովին, որուն օտարներն անգամ հիացումով կը խօսին։ Շուշին պատերազմական յաղթանակ էր ամբողջական իմաստով։ Շուշիի ազատագրումը՝ Աւարայրի ու Սարդարապատի յաղթանակներուն համազօր իրադարձութիւն էր։ Շուշին դուռը բացաւ հետագայ բոլոր յաղթանակներուն։ Եթէ Աւարայրի հերոսը Վարդան Մամիկոնեանն էր, Սարդարապատի հերոսը՝ Արամ Մանուկեանը, Ապա Արցախի եւ Շուշիի հերոսը՝ Արկատի Տէր Թադեւոսեանը եւ խորհրդային բանակի սպաներն ու բազում հերոսները սփիւռքէն, Ղարաբաղէն ու Հայաստանէն։ Պատմութիւնը ոսկեայ տառերով պիտի արձանագրէ անոնց անունները եւ հայ ժողովուրդը պիտի մնայ յաւէտ երախտապարտ անոնց սխրանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը գիտէ անմահացնել իր հերոսներն ու նահատակները սրբացնելու աստիճան եւ գիտէ անէծքի ցեցին քամել իր դաւաճաններն ու վատոգիները։

Սիրելիներ, Պատերազմը յաղթեցինք, սակայն չենք կրնար հաստատ կերպով ըսել թէ խաղաղութիւնը նուաճած ենք։ Հողը պահելու պատերազմը կը մղենք ամէն օր, որովհետեւ հակառակ տարուած յաղթանակին, Արցախի բնակչութեան աճի հարցը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հրամայական խնդիր է, որ կը կարօտի տնտեսական ու նիւթական համազգային ծրագիրներու եւ հսկայական ներդրումներու։ Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի արտագաղթի հոսքը կը շարունակուի մեզի համար անհասկնալի եւ անընդունելի դրդապատճառներով, որ կը սպառնայ մեր գոյութեան եւ իրագործումներուն։ Ահաւասիկ այն հիմնական մարտահրաւէրը որ կը դիմագրաւենք ազգովին այսօր Հայաստանի թէ Արցախի մէջ։ Պահել ու հզօրացնել մեր իրագործումները, մեր հողն ու անկախութիւնը։ Կասեցնել արտագաղթը եւ մշակել արտերկիր մեկնած մեր հայրենակիցներուն տունդարձը եւ մշակել բազմածնութեան եւ թուային աճի ծրագիր։ Ահա նաեւ հայաստանի իշխանութիւններուն պետական մակարդակի վրայ մշակելիք ռազմավարական խնդիրը, զոր դժբախտաբար տեղեակ չենք եթէ գոյութիւն ունի, թէեւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան թէ գործնական լուրջ քայլեր չկան այդ գծով։ Ռազմական յաղթանակին եթէ չուղեկցին քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ տնտեսական-ընկերային ու թուաքանակի աճը, չենք կրնար ըսել թէ յաղթանակը վերջնական է։

Սիրելիներ, երբեմն ամեակներ կան մեր պատմութեան մէջ որոնք յատուկ նշանակութիւն եւ իմաստ կը զգենուն։ Մայիսեան մեր յաղթանակները սոսկ օրացոյցային, տօնական թուականներ չեն։ Անոնց նշանակութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան վրայ ունի խիստ կարեւոր դրոշմ։ Իսկ Շուշիի ազատագրութեան 20 ամեակը կրկնապատիկ եւ կարեւոր խորհուրդ ունի իր մէջ։ Շուշիի ազատագրումով հիմը կը դրուէր Լեռնային Ղարաբաղի կանոնաւոր բանակի ստեղծման, որուն 20-ամեակը կը տօնենք այսօր միաժամանակ։ Բանակ մը, որ Հայաստանի Ազգային Բանակին հետ զուգընթաց, իր թուային, արհեստագիտական, մարտական թէ ռազմա-ուսումնական բարձր պատրաստութեամբ լաւագոյններէն է ամբողջ կովկասի մէջ, ռազմական մասնագէտներուն իսկ վկայութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի բանակը երաշխաւորն է այսօր Արցախի անվտանգութեան, անոր անկախութեան։ Ան մեր հպարտութեան ներշնչարանն է, մեր արժանապատուութեան լուսաւոր էջն ու գրաւականը։

Սակայն, Շուշիի 20-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ ճակատագրական պահու մը, երբ խաղաղութեան դաշնագրի բացակայութեան եւ թշնամիին տնտեսական ու զինուորական կարողականութեան աճին հետ եւ մեկնելով շրջանային-միջազգային որոշ պատեհ առիթներէ, թշնամին կը պատրաստուի պատերազմի։ Սա իրողութիւն է։ Հեքիաթ չէ։ Թէ ժամանակի հովերը ինչ ուղղութեամբ կը փչեն, ոչ ոք կրնայ կանխատեսել։ Թէ նման պատերազմի մը արդիւնքը հայութեան համար նոր յաղթանակներու եւ նոր իրագործումներու կրնայ յանգեցնել, այդ ալ լուրջ հաւանականութիւն է, շնորհիւ վերոնշեալ մարտունակ, կայացած բանակին որուն շքերթին ականատես կ’ըլլանք իւրաքանչիւր զօրահանդէսի ընթացքին եւ ամէն անգամուն մեր սրտերը կը պայթին հպարտութեամբ ու երանութեամբ։ Սակայն, վերոյիշեալ իրողութիւնը մեզ որպէս հայութիւն կը պարտաւորեցնէ ըլլալ զգաստ եւ պատրաստուիլ նման կացութիւն մը դիմագրաւելու նոյնքան վճռական, նոյնքան ճակատագրական ստուգատեսին։ Եկէք մենք մեզի չխաբենք. Որեւէ հաւանական պատերազմ, հսկայական վնաս ու կորուստ պիտի պատճառէ մեր ժողովուրդին, մարդկային, տնտեսական եւ հոգեբանական բնագաւառներէ ներս։ Բայց խուսափիլ մեր ճակատագրէն ու պարտաւորութենէն անհեթեթ ու ապազգային երեւոյթ է։ Արցախը այսօր մեզի պէտք ունի։ Սփիւռքահայութիւնը 20 տարի առաջ վերցուց նետուած ձեռնոցը եւ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը՝ ամէն իմաստներով։ 20 տարիներու ընթացքին, սփիւռքը շարունակեց վերակառուցման ու բնակեցման իր ծրագիրները համազգային մաշտապով, իր բոլոր կառոյցներով, իր ժողովուրդի անսակարկ ու անհաշիւ ներդրումով, իր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ամբողջանուէր նուիրումով։ Այսօր ալ ան պիտի շարունակէ իր ազգային առաքելութիւնը, հակառակ մեր գաղութներուն ապրած տնտեսական, նիւթական հսկայ դժուարութիւններուն։ Բայց եթէ պատմութիւն պիտի կերտենք, պիտի կերտենք միասին, նոյնինքն մէկ հայաստանի տեսլականով, Հայաստան, Արցախ, վաղը Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան ազատագրելու վճռական տեսլականով։ Այս է մեր պատմութեան երթը, մեր գոյութեան նպատակը, մեր երազներուն վախճանական սեւեռումը, մեր ճիտին պարտքը։ Շուշին մեզի տուաւ ոգեղէն այն հզօր կամքը եւ գիտակցութիւնը որ հայ ժողովուրդը գիտէ զոհուիլ, բայց նաեւ յաղթել, վարժ է ներքին արուեստական բաժանումներու բայց վճռորոշ պահերուն գիտէ միանալ, գիտէ ծառանալ, գիտէ կռուիլ ու յաղթել։ Շուշին յաղթանակի տօնն է, Մայիսեան մեր բոլոր յաղթանակներուն վերջին օղակը, վերջին լուսապսակը, որուն պիտի յաջորդեն նորերը՝ ի խնդիր ամբողջական հայաստանի, ամբողջական հայութեան մեր մեծ երազանքի ու տեսլականի իրագործման։ Պայքարը կը շարունակուի վերանորոգ հաւատքով ու աննկուն կամքով։ Պայքար ամէնուրեք եւ բոլոր ճակատներու վրայ. Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք։ Առանց զօրաւոր սփիւռքի պահ մըն իսկ չերեւակայենք որ զօրաւոր պետութիւն եւ հայրենիքի հզօրացում կրնանք ունենալ։ Հայրենիքը պէտք ունի մեր բոլոր կարողականութիւններուն դեռ երկար ժամանակ։ Ուրեմն պիտի շարունակենք մեր պայքարը, ամէն տեղ, ամէն վարկեան, բոլոր ճակատներու վրայ, որպէսզի վառ պահենք մեր պայքարի օրէ օր աւելի ճենճերող խարոյկը, ի խնդիր նոր յաղթանակներու, նոր «վարդայեղեղ արշալոյսներու»։

Փառք ու պատիւ բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց արեան ու կեանքին գնով մեզի տուին Արցախ աշխարհի վերատիրացումը, մեր պատմութեան էջերը գրեցին կարմիր բայց բոցեղէն տառերով, որոնք մեզի շնորհեցին շարունակելու մեր երթը ի խնդիր նոր սխրանքներու, նոր յաղթանակներու։ Կեցցէ՜ Անկախ Արցախը, կեցցէ՜ Արցախի Բանակը, կեցցէ Շուշիի փառայեղ յաղթանակը եւ կեցցեն մեր նահատակ թէ ողջ բոլոր հերոսները։ Փառք ու պատիւ մեր ժողովուրդին։

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Այնճար, 20 Մայիս 2012