ՄԱՔԱՐՈՆԻ ԹԻԼԷԿ-ԹԻԼԷԿ. ԳԷՈՐԳ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

16 յունիսին «Փիւնիկ» սրահին մէջ կայացած գիրքի շնորհահանդէսին առիթով արտասանուած խօսք։

Գաղթականի ցնցոտիներով, կիսամերկ, անօթի ու հիւծած հայը կայք կը հաստատէր Քեսապի եւ կամ Այնճարի մէջ: Մուսա Տաղի հերոս ու հպարտ հայը պիտի նետուէր ժանտախտի եւ մալարիայի բոյն դարձած ճահիճներուն մէջ: Այդպէս վճռած էր «հոգատար» ֆրանսացին հայուն ճակատագիրը: Ահաւոր տառապանքի, քաղցի ու սովի, հիւանդութիւններով լեցուն հանգրուան մըն էր հայուն այդ շրջանի պատմութիւնը: «Բոյս-բուսականութենէ զուրկ, մոխրագոյն պատերով քառակուսի միօրինակութիւն էր, եւ շրջանը, գիւղէ աւելի, գերեզմանատան տպաւորութիւն կը թողուր», պիտի ըսէր Աբէլեան տեղ մը: Տարբեր չէր Քեսապի պարագան, Ալեքսանտրեթի սանճագի նոյն «հոգատար» ֆրանսային կողմէ թուրքին յանձնումէն ետք:

Բայց ո՞վ չէր ճանչնար հայուն գոյատեւելու յամառ ոգին ու հզօր կամքը: Հայէն աւելի` ֆրանսացին ու օտարները գիտէին հայուն վերընձիւղուելու բնատուր կարողութիւնը: Թերեւս թուրքերը բաւարար չէին գիտեր, անոնք ալ գիտցան… աւելի ուշ: Հայը տոկաց, պայքարեցաւ ու վերակերտեց իր երբեմնի գիւղը, կրկին ցանեց ու հերկեց, քրտինքով ու հաւատքով մշակեց իր արտը, հպարտութեամբ կանգնեցուց ու ոռոգեց իր պտղատու ծառերը եւ յուզականութեամբ երգեց իր հարազատ երգերը: Եւ, շնորհիւ այդ յամառ ու աննկուն կամքին, կերտուեցան նոր գիւղերը` Այնճարն ու Քեսապը: Կերտուեցան շնորհիւ մարդոց, որոնք իրենց ցաւն ու վրէժը խեղդած իրենց հոգիներուն մէջ` իրենց զրկանքին ու տառապանքին մէջ հաւատքով նայեցան վաղուան, հողին ընդերքներէն ծծելով գոյատեւելու կենարար աւիշը եւ տառապանքին ընդմէջէն կերտելով բարի նկարագիրը:

Գէորգ Աբէլեանի գիրքին մէջ, այդ «հերոսները» անուն ունին. տարեցներ են, իրենց կեանքի մայրամուտին հասած, 80-ը եւ 90-ը բոլորած «պապուկներ», որոնք պայքարած ու տոկացած են: Բոլորն ալ հասարակաց գիծ մը ունին, որ անհաւատալի ըլլալու չափ կը հմայէ ընթերցողը. կառչած են կեանքին, հողին, իրենց արմատներուն ու երազներուն եւ կը մերժեն «մեկնիլ», թէեւ շատերը ի վերջոյ պիտի մեկնէին: Վերջապէս, «չէ՞ որ կեանքը փոխ առնուած պարտք մըն էր, ուշ կամ կանուխ այդ պարտքը պիտի վերադարձուէր Մեծ Պարտատիրոջ», կ՛ըսէ հեղինակը: Այդ «հերոսները» պարզ, աւանդապահ գիւղացիներ են, համեստ մարդիկ, քէֆի մարդիկ, հաղորդական ու անպաճոյճ մարդիկ. մարդկային են, երբեմն` խոցելի ըլլալու աստիճան, անձնասէր երբեմն, բայց` անկեղծ. Ոզնի Յակոբն է, Քաու Պոյ Մինասը, Սիմոն Ծերունին, Մուշդա Պապուկը, Ծերունի Մարտան, Գէորգը, Տիգրան Պապուկը, Կարապետ Հայրիկը, բոլորն ալ` «պորտինկ փաս»ը իրենց գրպանին, կը յամառին կառչած մնալ հողին, որ սրբազան մասունք մըն է, յիշատակը իրենց ծննդավայրերուն` երբեմնի Ճեպել Մուսային, Պիթիասին կամ Կիլիկեան այլ քաղաքներու: Այդ ծերունիները, իրենց պարզութեամբ ու անմիջականութեամբ, կռանիթեայ կամք ունին երբեմն, ինչպէս` Նարեկ Պապուկը, երբեմն ալ Միհրան աղային նման անբախտ ու տկար արարածներ են: Բոլորն ալ, սակայն, իրական են, միս ու ոսկոր են, հեղինակին հետ աղ ու հաց բաժնած, անոր դրացի կամ ընկեր եղած համագիւղացիներն են եւ ճիշդ ասոր համար ալ կը սիրես լսել անոնց պատմութիւնները` ճակատագրակիցի գրիչով գրուած:

Այդ ծերունի «հերոսներ»ուն աչքերուն մէջ կայ իրենց հայրենիքի երազը, փափաքն ու յոյսը` օ՛ր մը կրկին վերադառնալու ճեպել Մուսա: Ի վերջոյ, հայրենիքը ա՛յդ էր, իրենց գիւղը, թզենին, խնձորենին ու ջաղացքը: Թէեւ հոս հիւանդութիւն կար ու ամայութիւն, բայց նաեւ կար յամառ վճռակամութիւնը` յարմարելու նոր միջավայրին, նոր կեանք մը սկսելու: Ա՛յդ էր հայը, ա՛յդ էր իր ճակատագիրը, ա՛յդ էր իր պատմութիւնը: Աքսորեալի, պանդուխտի պատմութիւնն էր հայուն ճակատագիրը: Պիտի տանէր յամառութեամբ, համբերութեամբ, բայց միշտ հաւատալով, որ օ՛ր մը պիտի վերադառնայ իր երկիրը, իր արտը, իր տունը, իր ջաղացքը:

Տարիներու հոլովոյթին հետ, երբ, պայմաններու բերումով, նոր սերունդներու դէպի Ամերիկա ու Քանատա գաղթը կը ծաւալի, իր պատմուածքներուն ընդմէջէն Աբէլեան կ՛անդրադառնայ այս երեւոյթին` որպէս ցաւ պատճառող իրողութիւն: Չի միջամտեր, կը նկարագրէ տարեցներուն տագնապը, հոգեկան-հոգեբանական վիճակը: Իր հերոսներուն նման, ինք եւս ըմբոստ է, կը մերժէ հեռանալ, դէմ է գաղթելու երեւոյթին: Ցաւով կը յիշէ բոլոր անոնք, որոնք ծախելով հող ու արտ, լքած են գիւղը` երբեմն նոյնիսկ օտարին ձգելով հողը, արտը, պտղատու ծառերը: «Մուշդենց Պապուկը» պատմուածքի համանուն ծերունիին բարկութիւնն ու հոգիի խռովքը անսահման են ի տես այս երեւոյթին. կը հայհոյէ, կ՛անիծէ, անտեղիտալի է իր համոզումներուն մէջ: Լսենք պապուկին բառերը. «Մարգարենց մարդը ի՛նչ պէտք ունէր այս հողը ծախելու, թո՜ւհ: Հասակաւոր ու թեմպել Սերոբը ծախեց եւ յետոյ շունի պէս զղջաց: Սա Նազարին տղուն պարտէզն էր, տես` ի՞նչ եղած է. Հայկազուն, ափսոս անունին, ծախեց, պեն-պելեշ, եւ գնաց Քանատա. հապա՞ մեր ճշմարտախօ՜ս ու թոթով Վանէսը, ինք մեղք չունի, տղան ծախեց օտարին ու գնաց Եւրոպա… Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս…» (էջ 199): Բայց չէ՞ որ այդ էր հայուն ճակտի գիրը: Շինել ու քանդել, շինել ու կրկին շինել, ինչպէս պիտի ըսէր Լեւոն Շանթ: Իսկ մնացողները հայու լինելութեան հաւատքով ու յամառութեամբ պիտի շարունակէին կառչած մնալ իրենց հողին: Հողն էր բացարձակ արժէքը, առանց հողի կարելի չէր գոյատեւել: Գիւղի մարդը այդ մէկը աւելի լաւ կրնար ըմբռնել, աւելի կրնար արժեւորել, քան ուրիշը: «Մուշդենց Պապուկին տառապանքը շատ խորն էր: Հողը ինչպէ՞ս կը ծախուէր, ինչպէ՜ս…»: Ինք հողի մարդ էր: Չմոռնանք, որ հող կորսնցուցած հայն է, որ կը խօսի այս տողերուն ընդմէջէն: Աբէլեան չի միջամտեր այդ երեւոյթին ի տես, ան պարզապէս ցաւով կը յիշէ զայն` որպէս ապրուած իրողութիւն, զգաստութեան հրաւիրելու ճիգով, իր կերպարներուն բերնին մէջ դնելով անոնց ու միանգամայն ի՛ր ցաւը: Երգիծախառն է իր կենցաղով ու տարբեր մտայնութեամբ վարպետ Սմբատը: «Աւետարանին կացինը» պատմուածքին մէջ, վարպետ Սմբատը, հետեւելով Աւետարանի ուսուցման, որ կ՛ըսէր. «Ա՛յն ծառը, որ պտուղ չի տար, կացինով կտրէ ու նետէ», կնոջը` Սիրանէն ունեցած էր 12 եւ աւելի զաւակներ, բայց մնացած էին միայն 12-ը: Կը քարոզէր նոյնը իր համաքաղաքացիներուն: Քոյր Հելկան անդադար կը քննադատէր Սիրանը իր ամուսնոյն «տգիտութեան» համար ու խրատելով` կը թելադրէր, որ Սիրան վերջ մը տար այս «տգէտ» վիճակին: Բայց այդ մէկը ոչ մէկ ձեւով չէր ազդէր վարպետ Սմբատին վրայ, որ կը շարունակէր իր «առաքելութիւնը» ամենայն հաւատարմութեամբ…: Վարպետ Սմբատ, կնոջ Սիրանի հետ, մեծցուցած էր իր 12 զաւակները, գէշ աղէկ, կրթութիւն տուած` քիչ մը ճակտի քրտինքով, քիչ մըն ալ քոյր Հելկայի օժանդակութեամբ: Բայց եկուր տես, որ զաւակները աջ ու ձախ ցրուեցան. կա՛մ օտարի հարս գացին, կամ ճամբորդեցին հեռաւոր ափեր, եւ ինք ու իր կինը մնացին միս-մինակ: Ու ահա իր կեանքի վերջին օրերուն կ՛ափսոսար. «Աստուա՜ծ, քու այդ կացինը թո՛ղ ժանգոտէր, բնա՜ւ չփայլէր, եւ ինք` վարպետ Սմբատ անոր ախոյեանը չդառնա՜ր, բնա՛ւ…»: (էջ 175):

Մէջընդմէջ հեղինակը բաղդատական կ՛ընէ գիւղական միջավայրի ընտանեկան սրբութեան, ծնողք-զաւակ յարաբերութեան ու Արեւմուտքի մէջ հասակ առնող սերունդներու անտարբերութեան: Կը խօսեցնէ իր հերոսները, այս անգամ Նարեկ Պապուկի Ամերիկա մեկնած զաւակին` Գեղամի բերնով, որ դժուարութեամբ, քանի մը օրուան համար գործատէրէն արտօնութիւն առած ու Այնճար եկած էր իր մահամերձ հայրը տեսնելու վերջին անգամ: Հայրը, հակառակ բժիշկին նախատեսութեան, իր պանդուխտ զաւկին ի տես, կը վերակենդանանար, կ՛այլափոխուէր, օղի կը խմէր, կը պարէր, բոլորին զարմանք պատճառելով: «Բժիշկը ի՞նչ գիտէ» պատմուածքէն կը մէջբերեմ.

«Գեղամ կ՛ապրէր երազային մթնոլորտի մը մէջ: Հիմա իր հարազատները, կինը եւ զաւակները հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կը քնանային, մինչ հոս հին դէմքեր կը վերակենդանանային: Սա ի՞նչ աշխարհ էր:

Եւ ներսը պառկած մարդուն` հօրը մասին կը մտածէր… Որքա՜ն երկար ու դժնդակ ճամբայ կտրած էր: Որքա՜ն պայքարած էր կտոր մը հացի եւ յատկապէս իր` Գեղամին լուսաւորութեան, ուսման համար: Սա ի՞նչ կեանք էր: Դեռ հօրը անակնկալ այլափոխութիւնը բնաւ չէր կրնար մտքին մէջ տեղաւորել: Այդքա՞ն զօրաւոր էր որդիական սիրոյ ուժը: Իր նոր աշխարհին մէջ որդիներու եւ ծնողներու միջեւ, յատկապէս զաւկին 18 տարիքը թեւակոխելէն ետք, «հելլօ» մը կամ «հայ» մը կ՛արտայայտէր ամէն բան. չոր ու ցամաք: Իսկ հոս իր մահամերձ հայրը ինչպէ՜ս խածած էր զինք… Սա ի՜նչ ահռելի բան էր, սէր էր»: (էջ 49):

Ողբերգական ըլլալու չափ զաւեշտախառն ու ծիծաղելի են դէպքերու հոլովոյթը նկարագրելու իր ոճը: Աբէլեան ունի հիւմըրով պատմելու բացառիկ շնորհ: Օրինակ, «Թացա՜ն ու դեղ» պատմուածքին մէջ, երբ կը պատմէ գիւղացիի մը անձուկ վիճակը եւ գիւղի մէջ տիրող ճահճատենդի թշուառ պայմանները, քինինը ա՛յն դեղն էր, հեղուկը, որ կը պայքարէր մալարիային դէմ, ու ահա տես, որ մարդը օր մը կ՛որոշէ ո՛չ թէ օրը 3 անգամ դեղի պէս խմել այդ դառնահամ հեղուկը, այլ հացին հետ խառնելով` կ՛ուտէ, «սա անօթութեան սինսիլէն» մրմռալով. այնքան կ՛ուտէ, որ յաջորդ օր կը մահանայ: Ու ահա հեղինակը պատմութիւնը կ՛աւարտէ հիւմըրով մը. «Մխիթարական միակ բանը այն էր, որ առանց մալարիայէ վարակուելու հրաժեշտ կու տար այս կեանքէն: Գոնէ փորն ալ լեցո՜ւն գացած էր…» (էջ 302) : Նոյն այդ հիւմըրը գրեթէ ներկայ է բոլոր պատմուածքներուն մէջ:

Իր «Պատուով պսակ» պատմուածքին մէջ Աբէլեան վեր կ՛առնէ ուրիշ հերոս-կերպար մը` Քաու Պոյ Մինասը: Ծիծաղելի ըլլալու չափ անպատկառ, անբնական ըլլալու չափ հեգնական է Քաու Պոյ Մինասը, որ ընտանիք-զաւակ Պէյրութ ձգած, չենք գիտեր ի՛նչ պատճառով, Այնճար կ՛ապրի զէնքի վարժ այս մարդը: Եւ նկատի ունենալով, որ ուտելը կը սիրէր, կը յաճախէր Նուպարին աշխատած ճաշարանը, անոր կնոջ` Վարդենիին համով-հոտով քիւֆթէները ճաշակելու: Օր մըն ալ, երբ կ՛իմանայ կնոջ մահը, ամենայն պարզութեամբ ու միամտութեամբ կ՛ըսէ Նուպարին, որ եթէ օր մը ան մահանայ, ինք պատրաստ է անոր կնոջ` Վարդենիին հետ ամուսնանալու…: Խեղճ ամուսինը` «Ի՞նչ կ՛ըսես, Մինաս: ԻՆչո՞ւ մեռնիմ» պատասխանին, կը յամառէր` ըսելով. «Նուպա՜ր, Նուպա՜ր, ապուշ ես, հա՛. եթէ մեռնիս, ես հոս եմ: Վարդենին ինծի՜ կնիկ պիտի առնեմ…»: Ո՛չ գինով էր, ո՛չ ալ խենթ: Նուպարի բարկութեան ու գանգատներուն դիմաց, կը շարունակէր. «Ակամ, մենք մեր պատուով, նոյնիսկ եկեղեցի պիտի երթանք ու պսակուինք: Հայալլա բան չկա՜յ, օրինաւոր պսա՛կ… յետոյ քեզի ի՞նչ, եթէ քու կնիկդ է: Գնա՛, մեռի՛ր, որ մենք պսակուինք, Աստուծոյ եւ ժողովուրդին ներկայութեան…»: (էջ 114): Արդեօք նման անձ կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ: Ու իրապաշտ այս պատկերին դիմաց կանգնած` պահ մը հարց կու տաս դուն քեզի. կեա՞նքն է հեգնանքը, թէ՞ հեգնական է ինքը` մարդը այս աշխարհիս: Մի՞թէ Քաու Պոյ Մինասը ուրիշ մարդ էր: Բայց Աբէլեան ամենայն պարզութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անաչառութեամբ կ՛անմահացնէ Մինասին կերպարը, կերպար մը, որ իւրայատուկ է, չափազանց հետաքրքրական` իր տարօրինակ կենցաղով:

Հաճելի եւ միաժամանակ յուզիչ է կարդալ քոյր Հետուիկի նուիրուած «Տաս իսթ աղմենիշ» պատմուածքը, որ Գերմանիոյ հիւանդանոցին մէջ, մահամերձ վիճակով, կը մերժէր իր բնիկ լեզուն խօսիլ եւ հայերէն կը խօսէր հիւանդապահներուն հետ: Մինչեւ օրս Այնճարի ժողովուրդը մեծ յարգանքով կը յիշէ քոյր Հետուիկին ծառայութիւնները գիւղին: Չեմ գիտեր, եթէ «եապանճօ» կը նկատուի ան կամ ոչ: Նոյնքան հաճելի է Հայկ Թիլպեանին նուիրուած` պուրճհամուտցի թափառաշրջիկ Կարապետ Հայրիկի «Ծերունի ջութակահարը» պատմուածքը, որ իր կօշիկին ու ջութակին մէջ հսկայ գումարներ կը պահէր, բայց ուտելիքի համար կը մուրար: Իսկ 80-ամեայ Սարգիս եղբօր պատմութի՞ւնը, «Պրենտ նիւ կնիկ» պատմուածքին մէջ, ուր Սարգիս եղբայր, կնոջ մահէն ետք, պրենտ նիւ կնիկ մը առնելու ցանկութիւնն ու պրպտումը կը կատարէր:

Ո՞վ մեզմէ ծանօթ չէ այդ պապուկներէն մէկուն կամ միւսին: Ո՞վ մեզմէ չէ ճանչցած անոնց այնքան պարզ ու համեստ, առաքինի նկարագիրն ու խառնուածքը ու երանի տուած չէ անոնց` հարցերը դիտելու այնքան գործնական ու իրապաշտ ապրելաոճին համար: Այդ պարզութիւնը հեղինակը լաւագոյնս կը փոխանցէ իր հմուտ քեսապցիի ու այնճարցիի կրկնակի պատկանելիութեամբ ու խառնուածքով: Լաւապէս ճանչցած ըլլալով այդ հետաքրքրական ու անսովոր հերոսները, անոնց կենցաղն ու բարքերը` Աբէլեան կ՛անմահացնէ զանոնք իր պատմուածքներուն ընդմէջէն:

Հեղինակը կը նկարագրէ իր «հերոսները»` կենդանի ու հաղորդական պատկերներով, սրամիտ դարձուածքներով, երբեմն երգիծախառն, երբեմն ալ չափազանց հարազատ ու իրապաշտ ոճով մը: Չի ստեղծեր զանոնք: Կեղծ չեն, շինծու կամ արուեստական չեն անոնք, կենդանի ներկայութիւն են, «Այնպէս` ինչպէս որ է»ն, Գրիգոր Զոհրապի իսկ բառերով, որոնք Մուսա Տաղի բարբառով կը հաղորդակցին ընթերցողին հետ: Հաճելի հերոսներ, որոնք նոյնիսկ իրենց առօրեայ հոգին ու ցաւին մէջ չեն կորսնցներ աշխարհին զուարթ լաւատեսութեամբ մը նայելու իրենց կարողութիւնը:

Պարզ է հեղինակին ոճը, ինքնատիպ, անսեթեւեթ, իրապաշտ, հաղորդական, առանց խրթնաբանութեան, անմիջական` իր հերոսներուն նման: Իւրայատուկ ոճ մը, որ աբէլեանական է, որ լալկան չէ, տխրութիւնները հիւմըրով արտայայտելու թեքնիքով մը օժտուած, հակառակ դէպքերու ողբերգականութեան, բայց միշտ սրամիտ դարձուածքներով, պահելով միշտ դէպքերու հարազատութիւնը:

Լեզուն` մատչելի, գիւղական բարբառներու եւ օտար բառերու պարագայական օգտագործումով, որոնք կը համեմեն իր լեզուն եւ ընթերցանութիւնը կը դարձնեն հաճելի ու հեզասահ: Որեւէ տարիքի անձ հաճոյքով պիտի կարդար ծերունի այդ կերպարներուն պատմութիւնները` գիւղական վարքն ու բարքը եւ աւանդութիւնները դրսեւորող:

Գէորգ Աբէլեան իր այս գործով կու գայ բաց մը գոցելու` մեր գիւղական համայնապատկերը ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացնելով իր այս հարազատ գործով. մեր երէկի ու այսօրուան կեանքին, բարքին ու առօրեային պատմութիւնը, հաւաքական յիշողութիւնը թուղթին յանձնելով, թէեւ գլխաւորաբար Քեսապն ու Այնճարն են թատերաբեմը: Սփիւռքի մեր պատմութեան, ապագային գրուելիք գիրքին ատաղձն է, հում նիւթը: Յաճախ կ՛անտեսենք այս իրողութիւնը: Եթէ Համաստեղն ու Թլկատինցին չըլլային, եթէ Զարդարեանն ու Մնձուրին չըլլային, ինչպէ՞ս հաղորդ պիտի դառնայինք մեր երբեմնի հայրենի գիւղերու նիստ ու կացին ու բարքերուն, հոգեբանութեան, աշխարհահայեացքին, մտայնութեան ու տագնապներուն: Անոնք, որոնք 19-րդ դարէն սկսած հայ գիւղը մտցուցին մեր գրականութեան մէջ` իր աւանդութիւններով ու բարքերով, տառապանքներով ու զրկանքով: Սակայն, եթէ անոնք կը խօսէին հայրենի գիւղին մասին, հոս, Աբէլեան պարտադրուած «հայրենիքը» կը նկարագրէ նոյն բարքերով ու սովորութիւններով, բայց միշտ` հարազատ հայրենիքին տեսիլքով:

Հոս կ՛ուզեմ կողմնակի հարցադրում մը ընել. ո՞վ պիտի գրէ Պուրճ Համուտի եւ անոր գրեթէ հարիւրամեայ պատմութիւնը, անոր հազարաւոր «հերոսներուն», կերպարներուն պատմութիւնը. անձեր ու երեւոյթներ, որոնք եկան ու անցան այս թաղերէն ու հրապարակներէն ու ահա կորսուեցան բանաւոր թէ գրաւոր մեր մատեանէն: Անշուշտ Եղած փորձերը գնահատելի են, սակայն մեր կարծիքով` կը մնան պակասաւոր:

Աբէլեան հարազատ լեզուամտածողութիւնը կը փոխանցէ իր ժամանակաշրջանի մարդոց կեանքին ու այդ իմաստով կարեւոր աղբիւր է: Աբէլեան չի գրեր գրականութիւն մշակելու համար, կը գրէ պատմելու համար, մարդիկ ու պահեր անմահացնելու համար, իր հայրենակիցներուն պատմութիւնը կը փրկէ ժամանակի փոփոխութեան սեւ աւազամրրիկէն, որ պիտի մոռցնէ այդ պարզ ու համեստ մարդոց դրուագներն ու ապրելակերպը, անոնց պատմութիւնը, ձեւով մը նաեւ` ի՛ր պատմութիւնը: Ի վերջոյ այդ գիւղը ի՛ր գիւղն է նաեւ, ի՛ր հարազատ տունը, ի՛ր չոր ու թաց օրերու օրրանը, հո՛ն, ուր ամբողջ կեանքի մը տխուր թէ ուրախ օրերու յիշողութիւնները ցանուած են: Իր պատմուածքներուն մէջ Աբէլեան կը տողանցէ լո՜ւռ, բայց` տիրական ներկայութեամբ: Կարծէք` իր անբաժան երազներն ու իր հարազատ ներաշխարհն է, որ կը մաքառին հերոսներուն հետ, նոյն հաւաքական տեսլականին ու նպատակին համար: Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս կրնայ հեղինակը բաժնուիլ իր էութենէն, իր արմատներէն, իր աշխարհէն: Չէ՞ որ հողին շունչով մեծցած ու հողին կանչով ապրող սփիւռքահայն է ան ի վերջոյ:

Շուրջ 400 էջերէ կազմուած հեղինակի այս հատորի աւարտին ներկայացուած է նաեւ կոկիկ բառարան մը` իր օգտագործած օտար եւ բարբառային բառերու բացատրականով, որ ինքնին օգտակար է ընթերցողին համար: Խիստ գնահատելի է հատորին գեղարուեստական ճաշակը եւ տպագրական անթերիութիւնը: Կ՛արժէ յիշել, որ այս հատորը 7-րդն է` Աբէլեանի գրական վաստակին:

Վերջապէս, Ճաշ մը համ ու հոտ պիտի չունենար առանց համեմի: Աբէլեանի` մեզի հրամցուցած ճաշը համեմի կարիք չունի. ան համեմուած է գիւղի մէջ պատրաստուած եօթնապատիկ համեմներով. անոր համար հաճելի է թիւով 24 պատմուածքներու այս շարքին ընթերցումը: Որպէս եզրակացութիւն` ընթերցողին կը մաղթեմ հաճելի ընթերցում եւ բարի ախորժակ, իսկ հեղինակին ծննդեան 70-ամեակին առիթով կ՛ըսեմ իրեն` բարի՛ տարեդարձ եւ վարձքդ կատար, բայց գործդ չէ աւարտած դեռ, վարպե՛տ:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

16 Յունիս, 2011

«Փիւնիկ» Սրահ, Պուրճ Համուտ: