ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻՆ՝ Ինչպէս Որ Տեսայ…
Իւրաքանչիւր հատոր որ լոյս կը տեսնէ, վկայութիւն մըն է ան՝ հեղինակին անձին, մտածումներուն, կեանքի փորձին եւ վաստակին:
Հրայր Ճէպէճեանի ‘’Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ’’ Հատորը տարբեր չէ վերոյիշեալ բնութագրումէն:
Հատորին բովանդակութիւնն ու հոն արտայայտուած մտքերն ու տագնապները, եւ վերհանուած պատգամը՝ Հրայրն է, հարազատ ու անկեղծ:
Հրայր կը գրէ ինչպէս որ կը խօսի ու ինչպէս որ կը մտածէ եւ ինծի համար այդ անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնն է որ զինք ու իր գրութիւնները կը դարձնեն իւրայատուկ եւ վաւերական. ան հաշուետու չէ իր մտածումներուն եւ հաւատամքին մէջ ո՛չ մէկուն, բացէ իր Աստծոյն ու քրիստոնէական հաւատքին, իր ազգին ու մարդկութեան:
Իր ճանապարհորդութիւններուն, իր աշխատանքին բերումով, Հրայր չէ հետաքրքրուած երկրային հաճոյքներով ու վայելքով, այլ, այդ ճանապարհորդութիւնները կը վերածէ մարդկային շփումներու, գաղափարներու եւ հարցերու քննարկման ու վերլուծման գործիքի մը, միջոցի մը, իր ծառայական կեանքին մէջ: Աւելի՛ն, ան չի բաւարարուիր խօսելով ու քննարկելով, այլ այդ հանդիպումներն ու փորձառութիւնը կը յանձնէ թուղթին, կը բաժնեկցի այլոց հետ, discourse-ի հարթակ մը ստեղծելու եւ անոր ընդմէջէն լռելեան իր պատգամն ու եզրակացութիւնը փոխանցելու: Հրայր վերլուծող միտքն է զրոյցներուն ընդմէջէն, քննարկող ու եզրակացութիւններ հանող, որոնք ընդհանրական են, համազգային եւ համամարդկային արժէքներու ամրագրումն են: Հրայր լաւ զրուցակից է, բաց մտքով եւ անկաշկանդ գաղափարներով: Տեղայնական ու նեղմիտ չեն իր մօտեցումները: Միտքերը կը տողանցեն արագ ու անկաշկանդ, չեն պարտաւորեցներ, սակայն կը դրոշմեն ճշմարտութիւններ եւ հասարակ յայտարարներ:
Հրայրի որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է. փնտռել ու վերհանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Նախապաշարուած չէ իր համոզումներուն մէջ: Ի վերջոյ, մարդը ինքնին արժէք է, չէ՞ որ մարդը Աստուծոյ հարազատ որդին է, Անոր պատկերով արարուած, ու այդ ուսուցումին հաւատարիմ, ինք կը պեղէ մարդկային սիրտը, կը գտնէ արժէք մը, բարոյական գիծ մը այդ մարդուն մէջ ու կ’ապրի ի՛ր երջանկութիւնը, գիւտարարի երանութիւնը:
Հրայր կ’որսայ յոյսը, հայո՛ւն յոյսը, մա՛րդ արարածին յոյսը, այսինքն՝ գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ուր կ’այցելէ, իւրաքանչիւր հայու որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդուն անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ’ապրի եւ կ’ապրեցնէ իր ճանապարհորդագրութիւններուն ընդմէջէն: Դժուար է մեր օրերուն նմանօրինակ լաւատեսութիւն ապրիլ ու ներշնչել, դժուար է հաւատալ, բայց Հրայր կը հաւատայ, Աւետարանին խօսքին զօրութեամբ զինուած կը հաւատայ աւելի պայծառ գալիքին, եւ այդ հաւատքն ու յոյսն է որ կը փոխանցէ մեզի: Դժուար առաքելութիւն մըն է այս ճիգն ու յոյսը ապրիլը, բայց ինք կը յաջողի: Այդ մէկը այնքան բացայայտ կը հրամցուի մեզի իր յօդուածներուն մէջէն:
‘’Հայուն Գոյապայքարը’’ հատորէն ետք, այս հատորը վերջին տարիներու իր երկրորդ արգասիքն է եւ ո՜չ վերջինը: Հրայր պիտի գրէ, որովհետեւ կը հաւատայ Աստուծոյ ստեղծած հրաշքին՝ մարդուն՝ առաքելութեան, որպէս նպատակի մը համար ստեղծուած գոյացութիւն: Այդ հաւատքը իրեն կու տայ լաւատեսութիւն եւ յոյս, այդ յոյսն ու լաւատեսութիւնն է որ կը տողանցեն իր յօդուածներուն եւ գրութիւններուն ընդմէջէն, նաեւ իր անձին ընդմէջէն, Քրիստոսի ոյժն է որ կ’առաջնորդէ մարդը, նաեւ զինք, եւ հայուն հանդէպ ունեցած իր խորունկ սէրն ու հպարտութիւնն է որ զինք կը վերածէ հպարտ հայու եւ անկեղծ մարդու իր կեանքով ու գործով:
Հրայրի հերոսները տարբեր խաւի մարդիկ են, սակայն հասարակ յայտարարը՝ հայ մարդն է. Մեր առօրեային ու հայու գոյապայքարին հորձանուտին մէջ նետուած հայեր, որոնք կը հաւատան, Հրայրի նման, իր մտքերուն, զգացումներուն, բայց համաշխարհայնացման հոսանքին մէջ ինկած կը պայքարին. կը պայքարին հաւատքով, յոյսով. Երբեմն կը մտածեմ թէ՞ արդեօք Հրայր կը նոյնանայ իր հերոսներուն հետ, ներկայացնելու անոնց պայքարը որ ի՛րն է նաեւ, իւրաքանչիւր հայունը. Արդե՞օք Հրայր կը նոյնանայ անոնց ճակատագրին հետ, որ մերժումն է ձուլումին ու կորստեան: Անձնապէս, Հրայրին յաղթանակին պահանջքը այս աշխարհին վրայ, յաղթանակն է երկնայինինը, մէկը կը պայմանաւորէ միւսը, ու կարծես ինք նաեւ այդ պատգամը կ’ուզէ փոխանցել, միշտ հայու ոգիին ու կամքին, հայուն գոյապայքարին ընդմէջէն:
Հրայրի անմիջականութիւնը, անկեղծութիւնը եւ մտքերու յստակութիւնը իր գրութիւնները կը վերածեն հաղորդական, հաճելի եւ հեզասահ ընթերցումի, սակայն, այդ հաղորդականութեան եւ պարզութեան մէջ կը գտնէք իր փիլիսոփայութիւնն ու պատգամը: Հրայր Ճէպէճեան Աւետարանին դաստիարակութեամբ թրծուած, հայ ընտանիքի մէջ կազմաւորուած մարդն է, եւ այդ պրիսմակին մէջէն պէտք է կարդալ իր յօդուածները: Այդ մէկը իր ուրոյն ոճն է, իր հարազատ զգացողութիւնն է, իր ներշնչումն ու նշանաբանն է ու մենք այս շրջագիծին մէջ է որ կը զգանք հարազատ ու բնական: Այդ շրջագիծէն դուրս Հրայր ու մենք, մեր նմանները չեն կրնար ապրիլ:
Երկու խօսք ալ խմբագիրին մասին, որուն վստահուած է սոյն հատորին կազմութիւնը: Արտա Ճէպէճեանի բծախնդիր խմբագրութիւնը Հրայրի յօդուածներուն խիստ գնահատելի է, այլապէս, անսխալ հայերէնի ու տպագրական վրիպումներու, որ կը գոհացնէ որեւէ դժուարահաճ ընթերցողի: Վարձքը կատար Դոկտ. Արտային, այդ ճիգին համար: Գիտեմ վստահօրէն, որ Արտային շունչն ու շուքը կը քալեն Հրայրին կեանքին ու գաղափարներուն ընդմէջէն, զիրար ամբողջացնելու, լրացնելու օրկանական կապով մը:
Վերջապէս, Հրայրի մղած ճակատամարտը իւրաքանչիւր հայու ճակատամարտն է, հայրենազուրկ եւ աքսորական: Կը մնայ այդ ճակատամարտը պատուաբեր կերպով տանիլ մինչեւ այն օրը ուր վերադարձը կը դառնայ իրողութիւն, ուր տեսիլքը կը դառնայ իրականութիւն, ուր հայուն պայքարը կ’աւարտի յաղթանակով եւ հոն ուր մարդը կ’ազատագրուի իր մեղկութենէն եւ կը վերադառնայ իր արմատներուն, իր ստեղծագործութեան բնօրրանին, իր մարդկայնութեան, ահա այն ատեն Հրայրն ու ուրիշներ կ’ապրին երանութիւնը մարդ հասկացողութեան:
Վարձքդ կատար Հրայր. Երազդ կ’ապրի ամէն հայու սրտին մէջ: Կը մնայ հաւատալ ու յուսալ. Դժուար առաքելութիւն իրաւամբ:
Ահա Հրայրը, ինչպէս որ տեսայ:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
29 Յունիս, 2018