Թատրոնի Միջազգային Օրուան առիթով

Յանուն Համազգայինի Գասպար Իփէկեան Թատերախումբին, կ’ողջունեմ ձեզ Թատրոնի Միջազգային Օրուան նուիրուած այս երեկոյին, երեկոյ մը որ նորութիւն է իր տեսակին մէջ, առիթ մը որ ներկաներուս սրտին այնքան կը խօսի: Արդարեւ, թատրոնը ընդհանրապէս եւ հայ թատրոնը մասնաւորաբար կը համախմբէ մեզ այսօր հոս, յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք ընծայելու բոլոր ժամանակներու թատրոնի ‘’խենթերուն’’ եւ նուիրեալներուն՝ թատերագիր, բեմադրիչ, դերասան, քուլիսի ետին աշխատողներ ու հանդիսատես, որոնք միասնաբար կը կազմեն թատրոնը, արուեստի այն ճիւղը, որ կը պրկէ ու կը տագնապեցնէ հանդիսատեսը, կը կրթէ եւ կը դաստիարակէ զայն:

Այս երեկոյ, կը համախմբուինք լիբանանահայ գաղութի բոլոր թատերասէրներս անխտիր, յարգանքի մեր տուրքը ընծայելու երէկի եւ ներկայի մեր բոլոր երախտաւորներուն, անցնելով Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Երեւանի, թէ Միջին արեւելքի հայագաղութներուն եւ երկրագունտի բոլոր անկիւններուն, բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր հայուն սիրտը կը բաբախէ, ուր հայ մշակոյթը կը գոյատեւէ շնորհիւ մեր ազգի լուռ ու անխոնջ նուիրեալներուն: Այս երեկոյ կը խոնարհինք անոնց վաստակին, քրտինքին, նուիրումին, յիշատակին, ծառայութեան համար: Փառք ու պատիւ թատրոնի բոլոր նուիրեալներուն։

Թէեւ առիթը միջազգային է, ուր համաշխարհային թատրոնն է ի պատուի, սակայն եկէք կանգ առնենք մեր յոբելեարին՝ ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆ-ին երախտիքին, կիսելու միասնաբար մեր անցած երկար ճանապարհը, պատմական հոլովոյթը, սկսած Տիգրան Մեծի եւ Արտաւազդ Թագաւորի օրերէն մինչեւ մեր օրերը, ճանապարհ մը որ միայն հպարտութիւն կրնայ ներշնչել, որովհետեւ մշակոյթը ընդհանրապէս եւ թատրոնը մասնաւորաբար գոյատեւած է, շնչած ու ապրած է բազում զոհողութիւններու գնով, հաւատքի եւ տեսիլքի շնորհիւ, դաժան եւ դժուարին պայմաններու եւ հոսանքներու դիմաց: Բայց չէ՞ որ թատրոնի պատմութիւնը նաեւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնն է, չէ՞ որ թատրոնը հայելին է նաեւ մեր ժողովուրդի տագնապներուն, ընկրկումներուն եւ ցաւերուն, նաեւ սխրանքներուն եւ տեսիլքին արդիւնք, այլապէս, ի՞նչ թատրոն, գրականութիւն եւ արուեստ եթէ չըլլար ‘’խենթերու եւ երազողներու փաղանգը’’, որոնք թատրոնին անձնուէր զինուորներն են, բեմի հերոսները, բոլորովին ոչ-արհեստավարժ պայմաններու մէջ, զրկուած պետական նեցուկէ եւ նպաստէ: Այսպէս է եղած սիրելիներ մեր ճանապարհը բոլոր ժամանակներուն, եւ եթէ կը կարծենք թէ այդ պայմանները կրնան փոխուիլ, կամ հայ թատրոնը կրնայ շահութաբեր ասպարէզի վերածուիլ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, դաժան սխալանքի մէջ պիտի ըլլանք անկասկած: Հայ թատրոնը պիտի գոյատեւէ որովհետեւ կը հաւատանք մեր ժողովուրդի երթին ու անոր գոյատեւումին, որովհետեւ կան ձեր նման հաւատաւորներ ու նուիրեալներ, հայ թատրոնի երկրպագուներ:

Այսօր, երբ աշխարհը կը տօնէ Թատրոնի միջազգային օրը, հարց կու տանք.- Ո՞ւր է հայ թատրոնը: Ո՜չ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ մայր Հայաստանի։ Յունահռովմէական ամփիթատրոնի ժամանակներէն, Տիգրան Մեծի եւ Արտաւազդ թագաւորի ժամանակներուն հայ թատրոնը կար, այսինքն, 2-3000 տարի առաջ մինչեւ մեր արդի ժամանակները: Սակայն խնդրեմ, այս մէկը յիշեցի, ոչ յոխորտալու համար, այլ կանգնելու պատմութեան հայելիին դիմաց եւ հարց տալու մենք մեզի. Ինչո՞ւ սկսած ենք կորսնցնել մեր ազգային եւ պատմական գիտակցութիւնը, ընդհանրապէս մեր լեզուն եւ մշակոյթը ձգած ժամանակի քամիներուն եւ բախտի տուայտանքին: Մոռցած ենք արժէքի, որակի հասկացողութիւնը եւ ինկած միջակութիւններու գիրկը, աժան խնդուքի, ծիծաղի ոռոգայթին մէջ, այն պատճառաբանութեամբ որ ժողովուրդը այդ կը պահանջէ: Բայց չէ որ արուեստը կը միտի բարձրացնել ժողովուրդին հոգեւոր-իմացական մակարդակը, չէ՞ որ Պարոնեանի կամ Օտեանի թատրոնը կը միտէր խարանել ու խարազանել մեր ազգի յոռի բարքերը, թերութիւնները, չէ՞ որ Շանթի թատրոնը կը քարոզէր քանդել նիւթական տաճարը, ի խնդիր ոգեղէնին, կամ կը թելադրեր ներկայացնել երկեր, որոնք բան մը կը սորվեցնեն, մեզ մեր առօրեայէն վեր կը հանեն։ Իսկ Պարոյր Սեւակ կը զգուշացնէր ‘’արուեստի մէջ առաջնորդուել ժողովրդի ճաշակով նշանակում է չծառայել ժողովրդին’’ ։ Ինչո՞ւ կորսնցուցինք մեր հաւատքը մեր արժէքներուն եւ կարողութիւններուն հանդէպ, ինչո՞ւ օտարամոլութիւնը կուրցուց մեզ այնքան որ մոռցանք մերը, որ շատ անգամ չի զիջիր ուրիշին:

Եթէ քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է, թատրոնը կարելիին արուեստը չէ, թատրոնը քաղաքականութիւն չէ, թատրոնը դպրոց է, պարտադիր դպրոց, կոփելու, կրթելու, ազնուացնելու, բարձրացնելու եւ դաստիարակելու. գեղարուեստական ճաշակ մը տալու. Հանդիսատեսին ճաշակը բարձրացնելու. զաւեշտն ալ կրնայ դաստիարակել, բայց ունի իր արուեստի հասկացողութիւնը, իր սկզբունքները: Այս բոլորը կ’ըսեմ նաեւ որովհետեւ կանգնած ենք նոր մարտահրաւէրի մը դիմաց, որպէս գաղութ, որպէս սփիւռք եւ նաեւ որպէս հայրենիք, մենք մեզ արժեւորելու, վերանորոգելու եւ գործելակերպի նոր ոճ ու դրոյթ ճշդելու միասնաբար, գործող բոլոր ուժերը, խումբերը հաւաքաբար: Գործակցութեան նոր դաշտ մը ձեւաւորելու միասնաբար: Ի վերջոյ, թատրոնը հաւաքական աշխատանքի եւ նուիրումի արգասիքն է: Թատրոնը ինքնանպատակ արուեստ չէ, ժողովուրդին զարկերակն է ու ոգի ներչնչող ազդակ: Ու այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, մեր ժողովուրդը կարիքը ունի հետեւողական եւ յանձնառու խօսքին ու գործին։

Այսօրը, հրաւէր մըն է մեզի բոլորիս, չողբալու մեր ներկան, չհպարտանալու միայն մեր երէկով, այլ ձեռնոցը վերցնելու եւ նայելու առաջ, դէպի նոր նուաճումներ թատրոնի մարզէն ներս: Այդ ձեռնոցը պիտի վերցնենք հաւաքաբար, բոլորս միասին: Կրկին պիտի վերականգնենք փառքի օրերը, որ ապրեցաւ հայ թատրոնը, հոս այս բեմին վրայ թէ այլուր, թատրոն, որ ուրիշին եղաւ դպրոց եւ բարի օրինակ, գրգռեց նախանձը շատ ու շատ տեղացի թէ օտար թատերասէրներու։ Պիտի կրկին ձգտինք վաւերական ու յանձնառու թատրոնի ստեղծման: Եկէք վերադարձնենք մեր բեմերուն եւ սրահներուն՝ երբեմնի հմայքը եւ բազմութիւնը, ցոյց տանք թէ հայ թատրոնը ապագայ ունի, նուիրեալներ ունի, թատրոնին հաւատացողներ դեռ ունի:

Այսօրը, յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքն է որ կու գանք ընծայել թատրոնի երէկի եւ այսօրուան մեր նուիրեալներուն, սփիւռքի ողջ տարածքին, բոլոր անոնց որոնք հաւատացին հայ թատրոնին, աշխատեցան հայ թատրոնի գոյատեւման, բերին իրենց լուման մեր մշակոյթին, թատրոնին ճամբով: Յարգանք ու պատիւ մեր բոլոր մշակութային միութիւններուն, դպրոցական թէ թատերական միաւորներուն, առանց խտրութեան, որ սատար հանդիսացան հայ թատրոնի զարգացման: Այս երեկոյին ընդմէջէն, մենք կրկին կը վերանորոգենք մեր ուխտն ու հաւատքը թատրոնին ճամբով ծառայելու մեր ժողովուրդին ու մեր մշակոյթին։

Խաչիկ Տէտէեան

27-3-2017