Գէորգ Աբէլեանի Գրական Վաստակը
16 Յունիս 2011ին, երբ այս նոյն սրահին մէջ կը ներկայացնէի Ճորճ Աբէլեանի «Մաքարոնի Թիլէկ Թիլէկ» գիրքը, ի՛ր փափաքով, խօսքիս աւարտին հեղինակին դառնալով ըսի.
«Բարի Տարեդարձ եւ վարձքդ կատար, բայց գործդ չէ աւարտած դեռ, վարպե՛տ»։
Ափսո~ս։ Այլ եղաւ նախախնամութեան տնօրինումը։ Կարճատեւ հիւանդութիւն մը, եւ ապա՝ հրաժեշտը…։ Եւ հիմա, երբ հաւաքուած ենք հոս, 40 օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Պրն. Ճորճի յիշատակի հանդիսութեան, մեր յարգանքի տուրքը տալու անոր, ամէն բանէ վեր տուրք կու տանք իր գործին, իր ձգած վաստակին։
Իսկ իր գրական վաստակը հետեւեալ 8 արձակ հատորներն են.-
1. Հէլէ՛, Հէլէ՛, Հէլէ՛… Քեսապ, 1968ին,
2. Աննա Հարսը վէպը, 1994ին,
3. Պէյրութ, 2005ին,
4. Ցկեանս Նահատակութիւն, 2005ին, որուն արաբերէն թարգմանութիւնը լոյս կը տեսնէ 2006ին, իսկ սպաներէն թարգմանութիւնը՝ 2009ին,
5. Նետենք Բռնենք, մանկապատանեկան հատորը, 2009ին,
6. Աղբարի~կ, Ափիկ Մը ջո~ւր...ը, 2010ին,
7. Մաքարոնի Թիլէկը- Թիլէկ հատորը, 2011ին,
8. Քոյրիկս Մի՛ Ծախեր, Մա՛մ, Ցկեանս Նահատակութիւն գրքի պատանեկան շարքի ա. Հատորը։
Մամուլի տակ է «Աղբարի՛կ, Ափիկ Մը Ջուր…» գրքի արաբերէն թարգմանութիւնը. նաեւ կը խմբագրուին «Աննա Հարս»-ին արաբերէն թարգմանութիւնը, եւ՝ այս զոյգ գիրքերուն անգլերէնները:
Ունի հրատարակելի շարք մը գործեր` «Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին շարունակութիւնն ու անոնցպատանեկան շարքը, Լիբանանի պատերազմին նուիրուած վէպ մը, նաեւ` 6 թատերախաղեր եւ բազմաթիւ յօդուածներ՝ մամուլի մէջ լոյս տեսած։
Գէորգ Աբէլեանի գրական վաստակը կարելի է բաժնել հետեւեալ երեք բնագաւառներուն մէջ.-
1. Գէորգ Աբէլեան՝ երգիծագիրը եւ մամուլի գրիչը։
Ճորճ Աբէլեան հիմնականին մէջ երգիծագիր էր։ «Ձիւնական» գրչանունով մամուլի եւ ի մասնաւորի «Ազդակ»ի էջերուն վրայ կը տողանցեն իր երգիծական սլաքները, սուր եւ դիպուկ նշմարները եւ սրտցաւհայու մը հոգին խռովեցնող ցեղի մը յոռի բարքերն ու տագնապները։ Հայուն, Լիբանանցիին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ միջազգային դէպքերուն, դէմքերուն ու առօրեայ կեանքին անդրադարձն են իր հրապարագրական յօդուածները՝ իրապաշտ, պարզ ու յստակ ոճով մը գրուած, զաւեշտախառն ու երգիծախառն, քիչ մը Պարոնեան, քիչ մըն ալ Օտեան ու Զօհրապ յիշեցնող։ Յախուռն է ու անկաշկանդ իր քննադատութեան մէջ, հաշիւ տալու վախէն զերծ ու անկեղծ։
Աբէլեան սրտցաւ հայու բոլոր ստորոգելիներով կը խարազանէ, կը ձաղկէ, խոշորացոյցի տակ կը դնէ մերյոռի բարքերը, մեր առօրեային մէջ որդեգրուած նորելուկ երեւոյթները՝ որոնք կը հեռացնեն մեզ մեր ազգային արժէքներէն, մեր արմատներէն եւ մեր բարքերէն ու սովորութիւններէն։ Իր գրութիւնները կարդալով չես կրնար չխնդալ՝ պահ մը մտովին կեանքի կոչելով քու անմիջական առօրեայիդ մէջ ապրող դէմք մը, պատահար մը, երեւոյթ մը։ Սակայն դժբախտաբար այդ ծիծաղին ետին ու անկէ ետք կայ դառն իրականութիւնը, տխուր ճշմարտութիւնը մեր կեանքը պղտորող։ Գիտես որ ճի՛շդ է ըսածը։ Ցաւալին ա՛յն որ կը կարդանք, կը ծիծաղինք, ապա կը մոռնանք։
Տեղական թէ միջազգային քաղաքական անցուդարձերուն շուրջ իր սլաքներն ու վերլուծումները, ծիծաղաշարժ ու երգիծական ոճով մը պատկերուած, ի յայտ կը բերեն Աբէլեանի քաղաքական հոտառութիւնն ու օրուան դէպքերուն հանդէպ իր տեսակէտն ու կեցուածքը։ Կեցուածք մը, որ արդիւնքն է Հայոց պատմութենէն քաղուած դառն փորձառութիւններուն՝ մեծ պետութիւններուն հանդէպ իր ունեցած անվստահութեան եւ անոնց քաղաքական շահերուն զոհ չերթալու զգուշաւորութեան։ Ան խոր հաւատացողն էր արաբական դատի իրաւացիութեան եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն վերապահուած ազգապահպանման առանցքային դերակատարութեան։
Իսկ հայրենիքի երէկի եւ այսօրուան իրավիճակին իր պատկերացումին դիմաց կը զարմանաս եւ միանգամայն կը հիանաս՝ տեսնելու, կշռադատելու եւ արժեւորելու իր տաղանդին վրայ։ Լուսանկարչական ճշգրտութեամբ կը ներկայացնէ հարցերն ու երեւոյթները եւ այնքան մանրամասնութեամբ որ պահ մը կը մտածես, այս մարդը Այնճար գիւղի՞ն մէջ կ’ապրի թէ՝ Երեւանի։ Իրողութիւնը ա՛յն է որ Աբէլեանի սիրտը հոն է, ամէ՛ն վայրկեան կը բաբախէ հայրենիքի տագնապներով, հարցերով ու առօրեայով։ Իրազեկ է բոլոր հարցերուն, կը հետեւի բոլոր անցուդարձերուն, կ’ապրի զանոնք ու համոզուած կ’ըսէ իր ըսելիքը։ Երանի~ սակայն մտիկ ընող ըլլար… գիտէ որ ո՛չ կաշառակերութիւնը, ո՛չ քլանային հոգեբանութիւնը, ո´չ ընկերային անարդարութիւնը, ոչ ալ՝ շուկայական ու ''պիզնես''ի քաղաքականութիւնը պիտի փոխուին, գոնէ մեր օրերուն, ի՛ր օրերուն։ Գիտէ որ արտագաղթի երեւոյթը պիտի շարունակուի ու հայրենիքի այրերուն հոգն անգամ չէ այդ իրողութիւնը։ Կը տեսնէ որ հայրենիքը կը պարպուի իր աշխոյժ տարերէն ու կ’ողբայ. կ’ողբայ՝ որովհետեւ ամբողջ իր էութեամբ կը տեսնէ սպառնացող վտանգը, կեղծիքը որով կը ներկայանան մեզի՝ մեր երկրի կարգ մը այրերը ու հաւատացնել կու տան որ մեծ իրագործումներ կը կատարուին, բայց ճշմարտութիւնը ա՛յն է որ եղածը անձնական հաշիւներէ մղուած պայքար է միայն։ Այս է Ձիւնականին դառնութիւնն ու մտատանջութիւնը։ Այս բոլորը ուրիշներ ալ կը տեսնեն վստահաբար։ Բայց իր հիւմըրը, իր նկարագրելու եւ երգիծանքի ոճը հաճելի կը դարձնէ, չըսելու համար կը քանդակէ ընթերցողին մտքին մէջ իր խարազանող ձաղկումները։ Այսպէս է Ձիւնականը. ձիւնի նման անմեղ, անաչառ, պարկեշտ ու անկեղծ, պարզ ու համեստ, թէ՛ իր նկարագրով ու խառնուածքով եւ թէ՛ իր ոճով։ Բայց բոլորէն աւելի եւ վեր հետաքրքրականը ա՛յն որ ան իր ըսելիքը ըսաւ ու անցաւ։ Ո~վ հաւնեցաւ, լա՛ւ, ով ոչ՝ ինք գիտէ։ Այդ մէկը իր հարցը չէ. ինք հաշիւ չունի տալիք ոչ ոքի։ Ինք ըսելիք ունի եւ պէտք է ըսէ, ինք կեցուածք ունի, զոր պէտք է դրսեւորէ։
Գէորգ Աբէլեան «ձիւնական»ի մահով Լիբանանահայ մամուլը կորսնցուց իր վաւերական ու յախուռն գրիչներէն մէկը, մէկը որ աւելի քան 40 տարի պատնէշի վրայ էր՝ միշտ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն, եւ խորապէս համոզուած հայ մամուլի դաստիարակիչ դերին ու անփոխարինելի առաքելութեան։
2. Գէորգ Աբէլեան՝ բանասէրը։
Աբէլեան ինքզինք գերազանցեց երբ ստանձնեց ապրող նահատակներուն որոնումի եւ ծանօթացման տքնաջան աշխատանքը՝ ի խնդիր անոնց դատին։ Գնաց սուրիական անապատներն ու հեռաւոր գիւղերը,մտաւ աշիրէթապէտերու տուները եւ մէկտեղեց շատ մը իսլամացած ու քրտացած հայորդիներու ոդիսականը։ Փրկեց ողբերգական եւ յուզիչ պատմութիւնները ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու հարկադրաբար իրարմէ բաժնուած հարազատներու, որոնք զիրար կը գտնեն տասնամեակներ ետք։ Եղեռնէն վերապրածներու եւ անոնց շառաւիղներու կրկնակի նահատակութեան պատմութիւնն էր անոնց պատմութիւնը, սրտաճմլիկ, ահաւոր, բայց՝ իրական։ Այս իմաստով, Աբէլեան մեծ ներդրում ունեցաւ ցեղասպանութեան առ այսօր շարունակուող հետեւանքներուն հարցը մեր ժողովուրդին ծանօթացնելով։ Էջեր բացաւ մեր դիմաց, որոնք պղտոր էին կամ անճանաչելի մեզի, 95 տարիներէ իվեր։
Կը մէջբերեմ «Ցկեանս Նահատակութիւն» գրքի իր նախաբանի հետեւեալ պարբերութիւնը որ կը նկարագրէ նպատակը իր գործին եւ իր տագնապը.
«Իւրաքանչիւրին կեանքը ոդիսական մը եղած է, այլ տեսակի նահատակութիւն մը, անմիջական նահատակութենէն աւելի տառապալից, յատկապէս անոնց պարագային, որոնք գիտակից տարիքի մէջ կորսուած կամ առեւանգուած են։ Միլիոնաւոր սպաննուած նահատակներուն կողքին ասոնց թիւը պատկառելի է։ Ամէն անգամ երբ կը մատնանշենք Մեծ Եղեռնի մեր ահաւոր կորուստը, այսպիսի նահատակներու մասին չենք անդրադառնար։ Կը խօսինք կիզիչ անապատին մէջ ջարդուածներուն, սովամահ դարձածներուն մասին։ Այդքա՛ն։ Ես ջանացի այդպիսի, կենդանի մնացած, բայց եւ այնպէս «նահատակուած»ներէն, գէթ քանի մը հատին մասին գրել։ Ատոր համար գիրքս վերնագրեցի ՑԿԵԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ…»։
Քաջ գիտակցելով իր գործին կարեւորութեան, Աբէլեան շարունակեց իր պրպտումները եւ լոյս ընծայեց շարքի երկրորդ հատորին՝ «Աղբարի~կ, Ափիկ մը Ջո~ւր» վերնագրով։ Այս գրքին մէջ եւս կը հանդիպինք Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու, որոնք կը նկարագրեն իրենց ոդիսականը, իրենց հարազատներուն հետ վերամիացումը, եւ նաեւ հայու արիւն կրող սակայն հայկական միջավայրէ հեռու ապրող քրտացած, իսլամացած զանգուածի մը անորոշութիւնն ու կենդանի նահատակութիւնը։ Յատկանշական նորութիւնը հոս, զոր ռումբի մը նման կը պայթեցնէ Աբէլեան, Ռաս Ուլ Այնի 25 հազար հոգի հաշուող «Աշիրաթ արման ալ շաթա»ի պատմութիւնն է, որ ինքզինք հայ կը զգայ, եւ միանգամայն անիրաւուած, որովհետեւ իրենցմով հետաքրքրուող չկայ, ոչ՛ Հայաստանի պետութիւնը, ոչ ալ՝ եկեղեցին։ «Մենք լուսանցքի վրայ ապրող մարդիկ ենք, ոչ հայը կ’ընդունի մեզ, ոչ ալ՝ քիւրտը։ Դիմեցինք Հայաստանի պետութեան, բան չստացուեցաւ։ Դուք եկեր էք մեզմով հետաքրքրուելու, շնորհակա~լ ենք», կ’ըսէ Մշեցի Հեքիմեանի զաւակ քրտացած էմիր Մոհամէտ Մահմուտը։ Այս, եւ նմանօրինակ պատմութիւնները լսել, խօսեցնել ու գրել, լուսարձակի տակ բերելով հայու ահաւոր ճակատագրին դառնութիւնն ու ցաւը, գոյատեւելու կիրքը եւ մերժուելու տառապանքը, անհատական դրուագներուն ընդմէջէն ազգային խոր վէրքի մը վրայ մատը դնելու Աբէլեանի ճիգը՝ կը մարմնաւորուի յուշագրական-վաւերագրական եւ ինչու չէ գեղարուեստական գրականութեան լաւագոյն նմոյշներով։ Ահա Աբէլեանի կատարած գործին արժէքը, անժամանցելիութիւնը եւ վաւերականութիւնը։ Սոյն գրքի շնորհահանդէսին ընթացքին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, արտայայտուած խօսքերուն եւ հոծ ներկաներուն դիմաց, ոգեթով շեշտով մը իր անձին դիմաց սրբազան պարտականութիւն կը դներ շարունակելու ապրող նահատակներու, իսլամացած, քրտացած եւ արաբացած հայերու դատին հետապնդումը եւ մինչեւ Եղեռնի 100ամեակ, իր պատմուածքներուն թիւը բարձրացնել 100ի։ Կիսատ մնաց Աբէլեանի ծրագիրը, բայց գործը աւարտած չէ, մէկը պէտք է շարունակէ…։
Յայտնեցինք թէ Աբէլեանի գործը կրնանք տեղադրել բանասիրութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ իր պատումները ատաղձ են, հում նիւթ կամ սկզբնաղբիւր, ականջալուրի վկայութիւններ՝ հետագայ ուսումնասիրութեան՝ ցեղասպանութեան բարոյահոգեբանական առ այսօր շարունակուող հետեւանքներու վերլուծման աշխատանքին։ Իսկ այլ կէտ մը որ կը շեշտէ մեր ըսածը, նոյնինքն Աբէլեանի կողմէ իր գործերու թարգմանութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքն է, որ կը նպատակադրէ օտարին բանալու՝ արեամբ ու կենդանի նահատակներուն դառն իրողութիւնները եւ ահաւոր պատմութիւնը։ Իսկ ինք կ’ըսէ.-
«Բայց մեր կեանքին մաս կազմած Մեծ ցեղասպանութիւնը մենք պէտք է ճանչցնենք արար աշխարհին, հակառակ ամէն բանի։ Մեր հողային, նիւթաբարոյական եւ մշակութային կորուստները չենք կրնար մոռացութեան տալ։»
Մեր կարծիքով, Աբէլեան չի գրեր գրականութիւն մշակելու համար։ Կը գրէ, որովհետեւ ըսելիք ու պատգամ ունի՝ ազգային պարտականութիւն։ Այդ իսկ պատճառով, Աբէլեան իր գործերուն մէջ չի միջամտեր, կարծիք չի յայտներ, տեսակէտ չի պարտադրեր, այլ կը խօսեցնէ ու կ’արձանագրէ հայելիի հարազատութեամբ՝ իր հերոսներուն ըսածները եւ իբրեւ այդպիսին վաւերական է, անկեղծ է, իւրայատուկ է։ Անպաճոյճ եւ բնական ոճով կը խօսեցնէ իր հերոսները, բայց ամէն քայլափոխի, իւրաքանչիւր տողի մէջ կը զգաս իր ներկայութիւնը, ի՛ր տագնապը, ի՛ր ցաւը ու ճիշդ այդ պատճառով, կը կարեկցիս, կը բաժնես իր տագնապն ու դառնութիւնը եւ կը բաժնես իր անկեղծութիւնը։ Սրտաճմլիկ այդ պատմութիւնները եւ իրողութիւններու վերհանումի ամէն դէպք կ’ապրի նախ ինք։ Կը զարմանաս երբեմն, թէ ինչպէ~ս ու ի~նչ երկաթեայ կամքով կրցած է ան լսել, տեսնել, ապրիլ եւ գրի առնել այդ բոլորը, երբ մէկ պատմուածքն իսկ բաւարար է ընթերցողիս՝ փշաքաղուելու, փղձկելու եւ պոռթկալու ու ըմբոստանալու՝ ճակատագրին ու մարդկային արդարութեան դէմ։ Ազդակ օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ինք կը հաստատէ՝«Դիւրին չէ, բայց կը տոկա՛մ, պիտի տոկա~մ»։ Ահա իր հրաշքը։
3. Գէորգ Աբէլեան վիպագիր-պատմուածագիրը։
Աբէլեան պատմուածագիր է ամէ՛ն բանէ աւելի։ Իր հրատարակած առաջին գիրքն ալ՝ «Հէլէ՛, Հէլէ՛, Հէլէ՛... Քեսապ»ը, հրատարակուած 1968-ին, պատմուածքներու եւ արձակ գրութիւններու առաջին երախայրիքն է, ուր կը նկարագրէ իր ծննդավայր Քէսապը, իր բարքերով, հերոսներով ու առօրեայով, երգիծախառն դիպուկ ոճով մը, որ կը կազմաւորէ Աբէլեանի մէջ արձակագիրը։ Սոյն հատորը լոյս տեսած է Տպարան Սեւանի կողմէ, որուն սեփականատէր՝ մտաւորական Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ կ'աշխատակցէր ան։ Կ'ենթադրենք որ գրական իր սկզբնական քայլերուն մէջ մեծ դերակատարութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ Սիմոնեան բանասէրը եւ մտաւորականը։ Խօսուն են սոյն հատորի Մէկ Ու Կէս Խօսք-էն առնուած հետեւեալ տողերը.-
«Այս հատորով կ'ուզեմ ներկայացնել այդ աշխարհը, գրականացնել պարզ մարդիկ, համեստ եւ անվիճելիօրէն բարի մարդիկ, իրենց մանր-մունր թերութիւններովն ու սովորութիւններովը։ Եւ այս բոլորը ժպիտով։
Ես չեմ կրնար ժպտիլ, տրուած չէ ինծի ժպտիլ, բայց կը սիրեմ ուրիշները ժպտեցնել։ Կը սիրեմ երգիծել։
Գիտեմ որ դժուար է երգիծանքի կածանը, բայց չեմ կրնար լքել զայն։ Կ'երեւի թէ Աբէլեաններու զուարճախօսութիւնը ժառանգած եմ եւ չեմ կրնար այդ ժառանգը... ժառանգեցնել։»
Ահաւասիկ իր իսկ խօսքերը, որոնք կարծէք կը գծեն իր գրական կեանքի ուղեգիծը՝ շուրջ 50 տարուան վրայ երկարած, ուր, Աբէլեան կ'ապրի ու կը ստեղծագործէ իր հերոսներուն նման՝ համեստ, պարզ, անսեթեւեթ, հիւմըրը միշտ բերնին ու տխուր ժպիտը միշտ դէմքին։
Աբէլեան իր գրական կեանքը ակամայ կը փակէ նոյն այս ոճով ու նոյն իր կերպարներուն յաւերժացման պատումներով։ Իր վերջին գիրքը՝ «Մաքարոնի Թիլէկ Թիլէկ»ը նոյն Քեսապի եւ Այնճարի հերոսներն են, երգիծական ոճով նկարագրուած։ Հոս եւս, Աբէլեան կը ներկայացնէ իրեն ժամանակակից մարդոց ապրելակերպն ու աշխարհահայեացքը. Մարդիկ, որոնք երէկի թացն ու չորը տեսած ու ապրած, տոկացած են կեանքի բազում դժուարութիւններուն, կերտած տուն ու ընտանիք, պահած են իրենց սովորութիւններն ու հայրենիքի սէրը, եւ ահա հերթաբար կ’երթան իրենց հանգիստին։ Աբէլեան, անմահացնելով այդ մարդիկը՝ գրի առնելով անոնց կեանքը, գրած եղաւ նաեւ ի՛ր պատ-մութիւնը. ի վերջոյ ինք անոնցմէ մէկն էր՝ նոյն շաղախէն շինուած եւ նոյն ճակատագիրը բաժնած։ Ի վերջոյ, ինչպէ±ս կրնար հեղինակը բաժնուիլ իրէութենէն, իր արմատներէն, իր հողէն ու աշխարհէն£ Չէ± որ հողին շունչով մեծցած ու հողին կանչով ապրողտարագիր ու հայրենաբաղձ հայն էր նաեւ ինք£
Չենք չափազանցեր եթէ յայտնենք թէ Աբէլեանի սրտին սլաքները կը շարժէին իր ժողովուրդին ժամացոյցով։ Ամէնուրեք, նոյն մտահոգութիւններն են ու նոյն տագնապը։ Հայուն գոյութեան տարերքն է իր սեւեռակէտը։ Իր գլուխ գործոց վէպին՝ «Աննա Հարսը»ին մէջ եւս, կան վերեւ յիշուած բոլոր ատաղձները։ Քեսապը, ընտանեկան բարքերն ու սովորութիւնները, աւանդութիւնները, ջարդն ու նահատակութիւնը, հայրենիք վերադառնալու տարերքը, հայուն ճակատագիրը, հայ կնոջ մը սիրային զեղումներն ու հոգեկան աշխարհը, գիւղական պարզ ու համեստ առօրեան՝ իւրայատուկ գեղեցկութեամբ, հաղորդական ոճով եւ անմիջականութեամբ նկարագրուած։
Աբէլեան, ընտանեկան սրբութիւններու եւ աւանդութիւններու ջերմ ջատագովն ու ռահվիրան էր։ Իսկ ընտանիքին սիւնին՝ հայ կնոջ հանդէպ ունէր սրբազան համարում եւ բացառիկ նախանձախնդրութիւն։ Չէր կրնար հանդուրժել մերօրեայ քաղքենիացման եւ օտարման ձաղկելի երեւոյթները։ Թէեւ չէր քննադատեր ուղղակիօրէն, բայց իր հիւմըրով ու երգիծանքով, լուսարձակի տակ կը բերէր նորօրեայ բարքերն ու մտածելակերպերը որոնք սկսած էին բոյն դնել որոշ խաւի մը հոգեբանութեան ու նկարագրին մէջ ու սկսած վտանգել հայ ընտանիքին հիմերը։ Կիրքն ու տագնապը, մտատանջութիւնն ու վիշտը կը հալածէին զինք տիւ ու գիշեր։ Իր հրապարագրութիւններուն թէ պատմուածքներուն, իր դասախօսութիւններուն թէ հարցազրոյցներուն մէջ կը հանդիպինք նոյն նախանձախնդիր մարդուն՝ որպէս մերօրեայ կեանքի կողմնացոյց։
Իր «Նետենք, Բռնենք» մանկապատանեկան գործով, Աբէլեան կը ներկայացնէ չորս հեքիաթներ որոնք կը յիշեցնեն Թումանեանի հեքիաթային պատումները։ Մանկապատանեկան ժանրը դժուարին առահետ մըն է եւ մեր արեւմտահայ գրականութեան մէջ քիչեր համարձակած են մտնել անկէ ներս, բայց Աբէլեան կը մշակէ զայն յաջողելու բոլոր գրաւականներով, բայց չի՛ շարունակեր, մեզի անյայտ պատճառներով։ Մանկապատանեկան գրականութեան մշակումը կ’ենթադրէ հոգիի ազնուութիւն եւ բարութիւն, յատկանիշեր՝ որոնք խորթ չեն Աբէլեանի նկարագրին։
Գէորգ Աբէլեանի գրական վաստակը համեստ չէ։ Անխոնջ պրպտողի, նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ ու լուռ՝ տարաւ գործ մը որ թերեւս հաւաքական աշխատանք կը պահանջէր, բայց ինք կը հաւատար իր գործին ու էապէս նախանձախնդիր էր իր արեան ու նահատակներու կանչին, նաեւ՝ վերապրողներու կանչին, որոնց տրոփիւնով բաբախեց նաեւ իր սիրտը։ Թէեւ իր սիրտը կեցաւ բաբախելէ, բայց անոնցը կը շարունակէ՝ իր գործերուն ընդմէջէն։
Գէորգ Աբէլեանը եղաւ ու մնաց յանձնառու մտաւորականը եւ գրողը մեր ազգային կեանքին մէջ։ Ան կառչած մնաց մեր կեանքին ինչպէս մշակը պիտի կառչէր իր հողին. հերկեց ու մշակեց զայն՝ քրտինքով, արտասուքով ու իր հոգիին ճենճերումներով։ Մնաց պատնէշի վրայ։ Եղաւ հաւատարիմ եւ յանձնառու հրապարակագիրը, գրողը, կրթական մշակը, դասախօսը, բանասէրը եւ մշակոյթի գործիչը, շատ մը այլ արժանիքներու կողքին։
Գէորգ Աբէլեանի յիշատակին նուիրուած այս խօսքը կ’աւարտենք Թէքէեանի դասականացած մտածումով, հարց տալով. Ի՞նչ մնաց վարպետ քեզմէ մեզի ժառանգուած, ու կը պատասխանենք անվարա՛ն. ինչ որ տուիր քու ժողովուրդիդ, ա՛յդ միայն։ Եւ դուն տուիր սիրով, որովհետեւ սիրտդ մեծ էր, դուն տուիր հաւատալով, որովհետեւ հաւատքդ քու ժողովուրդիդ՝ մեծ էր, տուիր նաեւ անհաշիւ, որովհետեւ վաւերական մարդու եւ վաւերական գրողի կերպարն էիր։ Այս է անկասկած գրողի մը գերագոյն երջանկութիւնը։ Իսկ դուն երջանիկ ես հիմա սիրելի պրն. Աբէլեան, ի տես հոս հաւաքուած քու սիրելիներուդ եւ բարեկամներուդ։ Մենք երախտապարտ ենք քու գործիդ։ Յիշատակդ անմար եւ պատգամդ ճառագայթող մնայ, սիրելի վարպետ։ Գործդ չկրցար աւարտել, բայց ջահդ վստահաբար պիտի վերցնեն նոր գրիչներ։
Շնորհակալութիւն։
Խաչիկ Տէտէեան
Փիւնիկ Սրահ, Պուրճ Համուտ, 30 Յունուար, 2012