Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն»

«Այսքան արիւն թէ մոռանան մեր որդիք,

թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»

Աւետիս Ահարոնեանի այս պոռթկումնալից տողերը մտաբերեցի, երբ մէկ շունչով կարդացի բժիշկ Հարպոյեանի «Խաչելութեան Ճանապարհը» գործը, որ թէեւ կը ներկայացնէ բոլորիս ծանօթ հայ ժողովուրդի գողգոթան, սակայն եւ այնպէս, հոն կ᾿ամփոփուին Հայոց Ցեղասպանութեան ողջ արհաւիրքը, տարողութիւնը, ցաւը, բարբարոսութիւնը եւ աւելին՝ այն ահաւոր կորուստը որ հայ ժողովուրդը կրեց Մեծ Եղեռնին: Ցեղասպանութեան կանխամտածուած եւ սիսթեմաթիք գործադրութիւնը, որ կը միտէր ողջ հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնը, բնաջնջումը, “ցեղային մաքրաքործում”ը (ethnic cleansing), լաւապէս ծրագրուած եւ գործադրուած ծրագրի մը հիման վրայ, յստակ կերպով ի յայտ կու գայ բոլոր այն միջոցներուն մէջ որոնք գործադրուեցան ցեղասպանութեան ընթացքին. միջոցներ, որոնք աննախադէպ էին, անմարդկային, քստմնելի եւ աներեւակայելի: Այս գրքին մէջ կայ անոնց մի քանիին ներկայացումը: Տոքթորին կատարածը՝ ցեղասպանութեան զարհուրելիութեան կարեւոր առանցքներու շաղկապումն է, նիւթեր, որոնց մասին թէեւ գրուած, բայց յարաբերաբար նուազ քննուած եւ նուազ ծանօթ են մեր հանրութեան, կարիք ունին նաեւ վերյիշեցման. օրինակ՝

ա. Թուրք բժիշկներու ուղղակի դերակատարութիւնը, այլեւ մասնակցութիւնը հրէշային ոճիրին գործադրութեան մէջ.

բ. Հայ բժիշկներու նահատակութիւնը, նոյնինքն թուրք բժիշկներու մեղսակցութեամբ, որպէս շղթային մէկ օղակը հայ մտաւորականութեան վերացման.

գ. Հայ մանուկներու եւ անչափահասներու ոդիսականը, որոնք ենթարկուեցան անմարդկային ամենածանր բռնարարքներու, ոչնչացման կամ իսլամացման եւ թրքացման յստակ քաղաքականութեամբ.

դ. Որբերու եւ որբաշխարհի ողջ պատումը, անմարդկային, զարհուրելի պատկերներով ու դրուագներով լեցուն.

Մեզի հրամցուածը տեղեկագրութիւնն է, խտացեալ ամփոփումը այս նիւթերուն, որոնց ամէն մէկ դրուագը ինքնին տխուր վէպի մը հում նիւթ է, կերպարները՝ զոհի կամ հերոսի մը մարմնաւորումը այդ վէպին: Հեղինակը կը ներկայացնէ անչափահասներու ոչնչացման միջոցները, ձեւերը, տեսակները, օրինակ, խեղդամահութիւն, սուինահարում, գլխատում, թունաւորում, շնչահեղձութիւն, բռնաբարում հուսկ սպաննութիւն, ողջ-ողջ այրել կամ թաղել եւ տակաւին արեւահարութեան, անօթութեան, համաճարակի, ջրազրկումի միջոցներով անուղղակի սպանութիւն, կամ աճուրդով վաճառք, կրօնափոխութիւն, իսլամացում, օտար թէ հայ ականատեսներու վկայութիւններով ու մէջբերումներով հարուստ։

Մարդկային սիրտն ու խիղճը կարո՞ղ են ընկալել ցաւին ու սարսափին ահագնութիւնը, եղելութեան ողջ տառապանքը, ըմբռնել թուրքին ատելութեան տարողութիւնը, ուր մնաց ականատես ըլլալ ու նետուիլ փրկութեան դաշտ՝ այնպէս ինչպէս կատարեցին Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութեան (Near East Relief)ի ճամբով Ամերիկայի պետութիւնն ու ժողովուրդը, ներառեալ ամերիկահայութիւնը, ջարդի արհաւիրքին դիմաց, որու տեղեկագրութիւնը Տոքթ. Հարպոյեան, առ ի երախտագիտութիւն, առանձին գլուխով կը ներկայացնէ, արժանաւորապէս անդրադառնալով անոր հիմնադիր տնօրէն՝ պատուելի Դոկտ. Ճէյմս Լ. Պարթընի եւ Գլիվլէնտ Հ. Տոճի հսկայ ծառայութեան, հայ որբերու հաւաքման ու փրկութեան երախտաշատ գործին, որուն նուիրուած էին օրին, շատ ազնիւ անձնաւորութիւններ: Պատկերացուցէք. Այս կազմակերպութիւնը առանձինն հաւաքած եւ ծախսած է շուրջ 100 միլիոն ամ. տոլար որբերու եւ գաղթականներու փրկութեան եւ պատսպարման աննախընթաց գործին, շնորհիւ իր տարած անխոնջ աշխատանքին, մինչեւ 1930: 1930ին, Նպաստամատոյցին պատկանող Անթիլիասի որբանոցը կը փակուի եւ կալուածը, շնորհիւ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի անխոնջ ճիգերուն եւ բանակցութիւններուն Նպաստամատոյցի պատասխանատուներուն հետ, կը դառնայ այժմու նստավայրը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Չմշկածագցի Օրորա-Արշալոյս Մարտիկանեանի պատմութիւնը կարդացինք մամուլին ճամբով, իմանալով այդ հայուհիին ոդիսականը, թրքական հանրատունէ մը ազատագրումն ու մինչեւ Ամերիկա տեղափոխութիւնը, շնորհիւ Հէնրի Կէյթց անուն ամերիկացի գրողին, որ պիտի հրատարակէր «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը, նուիրուած Օրօրայի ողբերգական պատմութեան, հետագային Նպաստամատոյց Ընկերութեան կողմէ կը վերածուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին առաջին վաւերագրական ֆիլմին «Հոգիներու Աճուրդը» անունով, որուն հասոյթով պիտի ֆինանսաւորուէին հազարաւոր այլ որբուհիներու փրկութիւնը: Բժիշկ Հարպոյեան հանգամանօրէն գրած է այս մասին, վաւերական տեղեկութիւններու եւ նկարներու ճամբով։ Աւելին, հոն կայ Դանիացի Մարիա Ճէյքպսընի «Մամա»յի երախտարժան զոհողութիւններն ու նուիրումը՝ հազարաւոր որբերու Խարբերդէն մինչեւ Սուր, ապա Թռչնոց Բոյն հաստատումը, շնորհիւ Դանիական քրիստոնէական կազմակերպութեան ճիգերուն: Մարիա Ճէյքպսընի 50 տարիներու ծառայութիւնը եւ «Թռչնոց Բոյն»ի պատմութիւնը կը կազմէ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան եւ յիշողութեան ամենավառ օրինակը, որուն համար 2015ին հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանը, Թռչնոց Բոյնէն ներս եւ պատրաստուեցան փաստավաւերագրական ֆիլմեր անոր եւ «մամա»յին մասին: Նոյնքան կարեւոր եւ Զուիցերիացի Փափա Քիւնցլերի կատարած բարեսիրական հսկայ գործը՝ Ղազիրի որբանոցէն մինչեւ Ազգային Բուժարան ու Ծերանոց, ծառայութիւն մը որ շարունակած է մինչեւ իր մահը Պէյրութի մէջ, 1949ին: Կամ, Քանատացի Սառա Քորնինկի 5000 հայ եւ յոյն որբուհիներու փրկութիւնն ու տեղափոխութիւնը Յունաստան, ամերիկեան ռազմանաւերով։ Քանատա տեղափոխուած Ճորճթաուն Պոյզի պատմութիւնը, որ քանատահայութեան ճիգերով քանատայի պետութեան կողմէ յատուկ յիշատակութիւն ունի։ Որբահաւաքի այդ հսկայ գործին նուիրուած ծալքերն ու պատումը կարդալով պահ մը հարց կու տաս. եթէ նուիրական զոհողութիւնը չըլլար այդ ազնիւ միսիոնարներուն եւ փրկարարներուն, ջարդի եւ գաղթի զարհուրելի այդ պայմաններուն մէջ, թերեւս շատեր մեր հայրերէն ու մայրերէն պիտի չգոյատեւէին ու կորսուէին թրքական ընտանիքներու մէջ լաւագոյն պարագային կամ ոչնչանային անապատներուն մէջ: Արդեօ՞ք հայ ժողովուրդը բաւարար երախտագիտութիւն յայտնած է այդ մարդոց յիշատակին, արժէ´ մտածել այս մասին:

Ամերիկայի նախագահ Քալվին Քուլիճի համար 1926ին Ղազիրի որբերու պատրաստած գորգի պատմութիւնը, որուն նիւթը վերջերս լայնօրէն արծարծուեցաւ ամերիկեան մամուլին եւ Սպիտակ Տան շրջանակներուն մօտ, շնորհիւ հայ ազգայիններու անխոնջ ճիգերուն, տեղ գտած է հոս, լոյս սփռելու այս հետաքրքրական դրուագին, որ մոռցուած կը թուէր ըլլալ։ Աւելին, հայ որբերը թրքացնելու միտող Այնթուրայի որբանոցի ահաւոր պատմութիւնը, գրուած այդ որբերէն Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր Մանկութեան եւ Որբութեան» գրքին մէջ, մինչեւ անոնց հոգիներու յիշատակին տեղադրուած յուշակոթողին բացումը 2010ին, դէպքեր եւ իրադարձութիւններ որոնք պիտի մնան մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, արդարութեան համար պայքարի որպէս վառ օրինակներ:

Տոքթ. Հարպոյեան վէպ կամ բանասիրական ուսումնասիրութիւն մը չէ որ կը ներկայացնէ մեզի, թէեւ պրպտումի եւ համադրումի աշխատանք մըն է որ կը կատարէ, հարուստ մէջբերումներով եւ նկարներու ճոխ հաւաքածոյով։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդմէջէն, ան իր սրտի եւ խղճի պարտքը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ կը մատուցէ այս հատորները, ի մասնաւորի նոր եւ գալիք սերունդներուն՝ պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու խորհուրդով եւ անոնց մէջ պահանջատիրական կամքը արթնցնելու յստակ առաջադրանքով:

«Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորը, անմիջական շարունակութիւնն է «Խաչելութեան Ճանապարհ»ին, 200 էջերու վրայ տարածուած, ուր կը ներկայացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները՝ Սիսի պարպումէն՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոսէն այժմու Կաթողիկոսին, Արամ Ա, Վեհափառ Հայրապետին, բծախնդրօրէն եւ յաջորդաբար մեզի ներկայացնելով պատմական անցուդարձերն ու կարեւոր դէպքերը, առաւելաբար ծանրանալով անոնց ապրած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն, իւրաքանչիւրի կատարած աշխատանքին եւ իրագործումներուն՝ մշակութային, եկեղեցական, շինարարական, հրատարակչական, հայ դատի աշխատանքներու եւ մարդոյժի պատրաստութեան բնագաւառներէն ներս: Հոն կայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, խտացեալ բայց կուռ, հիմնական իրագործումներն ու վերելքը: Հեղինակը պրպտած, ստուգած ու հաւաքած է հարուստ տեղեկութիւններ Կաթողիկոսարանի ու Կաթողիկոսներու մասին, արձանագրած՝ կարեւոր մէջբերումներ անոնց խօսքերէն, ներկայացուցած վարչա-կազմակերպչական եւ ժողովական կառոյցը, պատմութիւնն ու առաքելութիւնը, զգայուն հանգրուանները, առարկայական եւ անաչառ մօտեցումով: Գրքին վերջաւորութեան, կը ներկայացնէ առանձին գլուխ մը Ազգային Սահմանադրութեան, որու սկզբունքներէն կը բխին Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութիւնն ու Կիլիկեան Թեմերու կանոնագրութիւնները, կու տայ անոր պատմական գնահատականը, ստեղծման շարժառիթները, տիրող քաղաքական եւ ազգային մթնոլորտը, հայ ամիրաներու եւ մտաւորականութեան այդ օրերու բախումին ծալքերը, գաւառի եւ պոլսոյ հայութեան վիհը, ազգային, եկեղեցական եռուն կեանքը: Աղբիւրագիտական իմաստով, կարեւոր աշխատութիւն մը այս նիւթը ուսումնասիրողներուն համար: Գրքին արժէքը կը կայանայ անով, որ ան ձեռնտու, ամփոփ ու հիմնական գիտելիքներու համադրում է: Հեղինակը օտար մը չէ հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին: Եղած է ատենապետ՝ Լիբանանի Թեմի ազգային իշխանութեան, անդամ՝ անոր Երեսփոխանական Ժողովին, համաատենապետ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհ. Ժողովներու, փոխ ատենապետ՝ Քանատայի Թեմի Ազգ. Իշխանութեան ու ազգային երեսփոխան Թեմէն ներս, ծանօթ է եկեղեցական ներքին խոհանոցին ու ազգային կեանքին: Ան եղած է գործակից եւ բարեկամ՝ Խորէն, Գարեգին եւ Արամ Վեհափառ Հայրապետներուն, միաժամանակ, հիմնադիր անդամներէն Հայց. Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)-ի, 1963ին: Այս բոլորը եղած են թթխմորը իր հետաքրքրութեան եւ ազգային-եկեղեցական գործունէութեան, բան մը որ իր գործը, սոյն հատորները կը դարձնեն առաւել վաւերական ու հաւաստի, խիստ օգտակար ու ներշնչող, մեծապէս գնահատելի՝ ուսումնասիրութեան համար եւ վերջապէս, կարեւոր եւ արժանի գործ մը՝ գալիք սերունդներուն համար:

«Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորները՝ հայ ժողովուրդի գողգոթայի պատմութիւնն ու անոր յարութիւնն է, տարագիր հայ ժողովուրդի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերընձիւղումը՝ մահուան ու կորուստի ճիրաններէն: Ան վկայարան մըն է որ թուրքին ծրագիրը՝ ոչ իսկ մէկ հայ ձգելու ձախողեցաւ ու շնորհիւ հայ ժողովուրդի կամքին ու հաւատքին, զոհաբերութեան ու վճռակամութեան տոկաց, ապրեցաւ ու կը գոյատեւէ։ Միթէ՞ սա չէր խորհուրդն ու պատգամը՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակութիւններուն:

Վարձքդ կատար, սիրելի տոքթոր: Թէեւ կը յուսամ որ սա աւարտն ու վերջաբանը չէ գրական-բանասիրական ձեր աշխատանքներուն: Թող Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած այս զոյգ հատորները լայն տարածում գտնեն ընթերցասէր ու գրասէր հայ շրջանակներուն մօտ, որպէս զի հայուն կամքն ու ոգին գոյատեւէ, որպէս զի հայը նոր յաղթանակներ կերտէ: