ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ


ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հնդիկ քաղաքական գործիչ, գրող եւ դիւանագէտ Շաշի Թարուր ըսած է. – “պատմութիւնը կը պատկանի անցեալին, բայց զայն հասկնալը պարտականութիւնն է ներկային”: (1)

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը բերրի դաշտ մըն է, զոր պեղելն ու անկէ օգտուիլը հրամայական պարտաւորութիւն է՝ մեր ներկան ու ապագան յստակ տեսնելու, եթէ իրապէս կը ձգտինք գոյատեւել որպէս ազգ։ Իսկ վերջին 100 տարուան մեր պատմութեան խոր եւ ճշգրիտ վերլուծումը, առարկայական ենթահողի վրայ, թերեւս խնայէր մեզ նորօրեայ ողբերգութիւններէ, եթէ հեռատեսութիւնը ունենայինք ճշգրիտ ու իրապաշտ գնահատելու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները եւ միասնական ճիգերով եւ համազգային մտածողութեամբ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը դասէինք գերիվեր՝ անհատական թէ հատուածական շահերէ, պետական մտածողութիւնն ու ազգային գաղափարախօսութիւնը դարձնելով մեր միակ ուղին ու նշանակէտը:

Այս մտածումները ծնունդ առին մտքիս մէջ, երբ կարդացի Խաչատուր Ստեփանեանի դոկտորականի այս ծաւալուն աշխատութիւնը, որ իսկապէս Ա. Հանրապետութեան խորհրդայնացման ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններու անաչառ եւ առարկայական ներկայացումն է, ի մասնաւորի սփիւռքի հայ քաղաքական մտքի տարաբնոյթ գնահատականներուն, անոր հակադիր դրսեւորումներուն, արժեւորումներուն ու կեցուածքներուն, որոնք արդիւնք են պատմական ճգնաժամային այդ ժամանակահատուածի անկախ Հայաստանի գոյութենական մարահրաւէրներուն եւ հայ ժողովուրդի մահուկենաց մաքառումներուն։ Մեր նորագոյն պատմութեան ամենէն տրամաթիք եւ շատ քննարկուած շրջանը իրաւամբ, այլեւ, հսկայ հանք մը վերամշակելու, վերագնահատելու եւ բիւրեղացնելու, պարզապէս որովհետեւ այսօր ազգովին կանգնած ենք նոյն այդ ժամանակաշրջանի վերամիւթացիայի իրողութեան դիմաց: Ռուս-թրքական խարդաւանքներուն եւ աշխարհաքաղաքական շահերուն զոհ մեր հայրենիքը դար մը առաջ, նաեւ այսօր, ի՞նչ գնահատական կու տայ զիրար լրացնող մուրճի եւ սալի քաղաքականութեան, որուն զոհն ու կռուախնձորն էին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: Երբեմն “պապէն աւելի պապական” ըլլալու մեր օտարամոլութիւնը որքա՞ն աւերներ գործած է մեր ուժերը ջլատելու իմաստով. Նոյնպէս, մեր հարցը ուրիշներուն վստահելու կամ երեւոյթներէ արագ խանդավառուելու քաղաքական տհասութիւնը որքանո՞վ ճշգրիտ բնորոշումներն են մեր քաղաքական մտքին։ Քարլ Մարքսի խօսքը՝ “պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, առաջինը որպէս ողբերգութիւն, յետոյ որպէս անէծք” (2) հարազատ բնորոշումն է ներկայ իրավիճակին։ Կարսի եւ Շուշիի անկումները, Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի ու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնները, Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան աքսորն ու ջարդը եւ խորհրդայնացած Հայաստանի մէջ ՉԵԿԱ-յի կողմէ Հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւններն ու մահուան դատապարտումն ու աքսորը նմանութեան ի՞նչ եզրեր ունին: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանն ու ներկայի իրավիճակը արդեօք կրկնութի՞ւնն են պատմութեան: Կ’արժէ զուգահեռներ գծել եւ անաչառ գնահատում կատարել:

Պատմութիւնը, իրաւամբ, այն ատաղձն է, որմէ պիտի օգտուի հայ քաղաքական միտքը խոր վերլուծումներու ենթարկելու դէպքերու, դէմքերու, արեւելումի ու որոշումներու ամբողջ համակարգը: Խաչատուր Ստեփանեան իր այս հատորին մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի խորհրդայնացման ժամանակաշրջանը իր բազմաշերտ ծալքերով ու սփիւռքի տարբեր հոսանքներու հասարակական-քաղաքական կեցուածքները, անաչառօրէն ու հարազատօրէն, յարգելով արեւմտեան պատմագիտութեան առարկայականութեան բոլոր նորմերն ու սկզբունքները. երեւոյթ մը, որ այս գործը կը դարձնէ գիտական հիմունքներու վրայ հիմնուած ողջունելի իրագործում մը։ Հարկ է դուրս գալ նեղ պարունակներէն եւ համաշխարհային քարտէսին մէջ տեսնել մեր երկրին ու ժողովուրդին տեղն ու դերը: Հարկ է մանաւանդ մեր պատմութիւնն ու դատը ներկայացնել օտար հանրային կարծիքին, դիմակայելու համար այն խեղաթիւրուած պատմագրութիւնը եւ հակահայ հսկայ քարոզչութիւնը որ կը հրամցուի օտար հանրութեան թուրք-ատրպէյճանական պետական ու ակադեմական քարոզչական մեքենային կողմէ: ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիային եւ Սփիւռքի հայագիտական ամպիոններուն եւ հայ մտաւորականութեան մնայուն կիզակէտը պէտք է ըլլայ այս մտահոգութիւնը:

Ներկայ հատորը լոյս տեսաւ քանի մը շաբաթ առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան “Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ”ին կողմէ, խմբագրութեամբ Պրն. Երուանդ Փամպուքեանի, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան բաժնի գիտական խորհուրդի հսկողութեան ներքեւ։ “Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ”ին նպատակն է լոյս ընծայել ու հայ թէ օտար հանրութեան հրամցնել հայոց ցեղասպանութեան առնչուած ու հայ դատի պահանջատիրութեան նուիրուած հայերէնով թէ օտար լեզուներով գրուած անտիպ ուսումնասիրութիւններ։ Հիմնադրամը կը միտի զարկ տալ ժամանակակից հայ քաղաքական մտքի զարգացման, քաջալեր հանդիսանալով հայ թէ օտար գրողներու, որոնց ներդրումը իրապէս նոր որակ եւ նպաստ կը բերեն մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, յատկապէս մեր արդար իրաւունքներու հետապնդման նուիրական գործին մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ճիգերով հաստատուած ու անոր անմիջական հովանիին ներքեւ գործող այս հիմնադրամին 16-րդ հատորն է, որ կը հրամցուի հանրութեան այսօր։ Կը բաժնենք հեղինակին ուրախութիւնը, իր այս վերջին արգասիքին համար, մաղթելով իրեն նորանոր վերելքներ եւ մնայուն յաջողութիւն։ Այս առիթով, կը վստահեցնենք, որ ակադեմական ու գիտական բնոյթի ներկայացուած որեւէ լուրջ գործ պիտի արժանանայ հիմնադրամին քաջալերանքին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեան հաւատարիմ, իր Գահակալին հովանիին ներքեւ, կը շարունակէ զօրակցիլ ու նեցուկ կանգնիլ հայագիտութեան ու պատմագիտութեան վերելքին:

Վերջապէս, Հայաստանի այսօրուան իրադարձութիւններուն եւ մասնաւորաբար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ողբերգական արդիւնքին դիմաց, չեմ կրնար չյիշել նաեւ իրլանտացի քաղաքագէտ եւ փիլիսոփայ Էտմոն Պուրքի խօսքը.- “Անոնք որ պատմութիւնը չեն գիտեր, հակամէտ են կրկնելու զայն”։ (3) Մարտահրաւէր մը, զոր պարտինք ազգովին դիմակայել:

Դժուար օրեր կ’ապրինք: Օրեր, որոնք ճակատագրական են ու դամոկլեան սուրը կախուած է մեր հայրենիքին վերեւ: Խաչատուր Ստեփանեանի հատորէն քաղուած դասերը աւելի քան այժմէական են, պարտաւորեցնող ու հայ քաղաքական միտքը լուսաւորող։ Կարդա՛նք զայն:

Շնորհակալութիւն։

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

12 Նոյեմբեր 2021

1. “History belongs to the past but understanding it is the duty of the present.” Shashi Taroor.

2. “History repeats itself, the first as tragedy, then as farce.” Karl Marx.

3. “Those who don’t know history are destined to repeat it.” Edmund Burke.

ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ, Ուրբաթ 20 Նոյեմբեռ 2021։