ԱՐԵՒՈԻՆ ՊԷՍ ՊԱՐԶ

Կըսեն՝ պատմութիւնը չի՛ կրկներ ինքզինք։

Ժամանակները կը փոխուին

Գիտութեան յառաջընթացին հետ սակայն,

Միջնադարեան խո՜ր խաւարի

Ու մահաքունի մէջ կը տնքայ մա՜րդը միշտ։

 

Քարոզչական մեքենաները կը բանին անդուլ,

Սուտի, կեղծիքի լուրերը կը դառնան հրատապ նիւթ,

Կը դարպասեն ամբոխները մշուշապատ,

Ճիշդն ու սխալը տարբերակել կը դարձնեն անհնար.

 

Կուզեն սպաննել մանուկին երազները նորափթիթ,

Ծերին վերջին յոյսը մարմրող,

Կուզեն խեղդել խիղճ ու կամք՝

Դիմադրելո՜ւ, ապրելո՜ւ,

Խափանել արեւելքի շողերը տաք,

Խաւարի գերիներ պահել որպէս զոհ ու նահատակ,

 

Սա իրողութիւն է համատարած,

Գիտեն բոլորը,

Գիտեն ահագնութիւնը ցաւին,

Կապրին զայն ամէն րոպէ ու ժամ,

Իսկ անոնք չեն ուզեր հաւատալ,

Որ այդ ցաւին, խաւարին ու լլկումին մէջ

Կամքեր կը խարանուին, կիրքեր կը բորբոքին,

 

Արցունքներ կը քարանան,

Ու մահը կը դառնայ ցանկալի բաղձանք,

Ըմբոստութեան վճիռն ալ՝ անխուսափելի ընտրանք...

 

Օ՜հ, անոնք կը մոռնան չարաչար,

Որ պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք մի՛շտ,

Թէկուզ ժամանակները փոխուին,

Մարդը վերածեն ստրուկի թէ կարգապահ գերիի,

Պիտի ծառանայ բազուկը վրէժին,

Փշռէ կապանքները ստրկութեան,

Ու ծնի նո՜ր օր, նո՛ր արշալոյս...


2021