ԱՐԵՒԱԾԱԳ
Պիտի գա՜յ արեւածագը անկասկած
Եւ յուսաբեր շողերն իր բերէ մեր երկրին խոցուած։
Չքանան պիտի մեր հոգիներէն վիշտ ու կասկած,
Նայինք իրար հպա՜րտ, սիրո՜վ յագեցած,
Դաւանինք Հայութի՜ւն, ամէ՛ն ուրիշէ վեր,
Ծառայելն անոր՝ ոգեղէն ո՛ւխտ եւ գերագո՜յն ըղձանք։
Պիտի գայ արեւածագը, անկասկած։
2020