ԱՐԵԱՆ ԳԵՏԵՐ

Արեան գետեր, յորդառա՜տ ու կատաղի՛,

Անդուլ ժամանակներէն վաղնջակա՜ն,

Կ’ոռոգեն դաշտերն ու ձորերը հայրենի

Ու մահաբոյր հողին անյագ ծարաւին

Կու տան ապրելու կամքը անկոտրում,

Պայքարի շունչ աննահանջ,

Բաբախող հողին կու տան սերմերը վրէժին,

Հոն հանգչած կարմիր յիշատակներուն դողդոջ

Լոյսին ու հառաչանքին կու տան յոյսը

Մեծ տեսիլքին։

 

Լեռներէն ու սարերէն հոսող ջրվէժներէն կատաղի

Մահու եւ արեան գետերը կը ծծեն

Ցեղին արցունքները բոսոր,

Կը յանձնուին ծարաւի դաշտերուն լլկանքին,

Կը միախառնուին ցեղի արեան գինարբուքին։

 

Մահուան գետերէն ծնան

Դիւցազուններու պատմավէպեր հզօր,

Ջրդեղեցին հողը հայրենի

Երգերով ոգեշունչ,

Տեսիլքներ ծնան

Հին աստուածներուն փառքի շանթերէն,

Ներշնչանքներ տուին հզօր,

Որք մնացին անկատար։

 

Կ’անցնին դարեր,

Մահիկներու սրածայր շեղբէն ծորող

Արեան գետերէն կը ջրդեղուին դաշտերը կրկին,

Շիրմաքարեր կը կանգնին

Խունկի ու աղօթքի մրմունջներէն,

Չեն ծնիր հանճարներ կաղնեբոյն,

Փրկիչներ՝ հզօր ու գիտուն։

 

Տակաւին կ’ողբան լեռներն հայրենի

Մահաբեր հարուածներէն,

Կ’ոռոգուին քաջերու արեամբ,

Հրաշէկ շանթի հարուածներէն։

Մահ ու սպանդ յարատեւ,

Ողջակիզուող ցեղ մը, խոշտանգուած՝

Հնաւանդ դարերէն ասդին,

Արցունքն ու ողբը վարժութիւն ըրած։

 

Խաղաղութեան ի՜նչ երազանք,

Երբ վրէ՜ժն է գրաւը խաղաղութեան,

Եթէ կը տենչաս փառքը անմահութեան։


2022