ԱՐԴԵՕ՞Ք ՀՈՍ ՉԵՍ

Տարօրինակ է, չէ՞, սիրելիս,

Հեռուէն կը խօսինք հիմա մենք,

Ինչպէս լուսինը՝ աստղերուն,

Կրկին զիրար գտնելու ցանկութեամբ

Ակնդէտ, զիրար կը գօտեպնդենք.

 

Բայց հեռաւորութիւնն ի՞նչ է, սիրելիս,

Եթէ ոչ աշխարհագրութիւն միայն.

Երբ մտքերն ու սրտերը միասին են,

Ալ ի՜նչ բաժանում,

Հեռաւորութիւ՜ն։

Ովկիանոսներն ի՞նչ են,

Եթէ ոչ տարածքի հասկացութիւն,

Երբ նոյն արեւը կը ծագի մեր վերեւ

Թէկուզ տարբեր ժամերու,

Կը շոյէ, կը գգուէ  մեզ մշտապէս,

Մի՞թէ կողքիս չես ու սրտիս։

 

Իսկ երբ հանդիպինք կրկին

Ու գրկենք արեւը, երբ ծագի,

Խմենք առաւօտու բաժակ մը սուրճը միասին։

Սոսկ տարածքը չէ՞, որ կը վերանայ մեր միջեւ.

Այդքան, ուրիշ ոչի՛նչ։

 

Հիմա, երբ կը խորհիմ քու մասին,

Արդեօ՞ք հոս չես, եթէ ոչ կողքիս,

Գէթ ներշնչումներուս, մտորումներուս,

Նոյն կարօտին քնքշանքին գերին չենք մի՞թէ

 

Սիրոյս հասցէատէրը դուն չե՞ս մի՞թէ, սիրելիս։


2022