ԱՍՔ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեր ահեղ երէկի թանձրախիտ

կածաններէն լուսավառ,

Բայց եւ յեղյեղուկ ներկայի ակունքներուն,

Գալիքին մտորումներով ծանրաբեռնուած՝

Կ᾿ուզեմ պոռթկա՜լ բարձրաղաղակ.

Լսեցէʹք իմ տագնապը, ո՜վ հայեր.-

Եթէ բախտն է մեզ տուեր

ազատ ապրելու առհաւատչեան,

Արարատեան դաշտի ոսկեվառ

ցորեաններու բուրմունքն

Ու հրաշք Արցախի երկնատուր արեւի

ներշնչանքն անհուն,

Ի գին բիւր զոհաբերութեան, թանկ արեան,

Ո՞րն էր իմաստը՝ եթէ երկիրը մեր պիտի դադրէ՜ր մնալ

Մեր մշտաբորբ լինելութեան ողջ խորհուրդն

ու աւանդը գերագոյն.

Եթէ ոգին ժամանակի, զարկերակը մեր ցեղին

Պիտի չտոկային նոր քամիներու հարուածներուն ցնցիչ,

Ու տարանջատման ուղիներէ պիտի քալէինք ազգովին,

Յանուն ի՞նչ նպատակի, ո՞ր օրուան համար էին

Պայքարի, մարտնչումի զոհողութիւնները արնահեղեղ,

Տակաւին, գոյատեւելու այսքա՜ն սխրանք,

գերագոյն վճիռ, երկաթեայ կամք։

Ինչո՞ւ շիջեցան Սարդարապատի ղօղանջները

որոտաձայն,

Ո՞ւր անշքացաւ Մռաւ լերան պոռթկումը բոցակէզ՝

Եթէ բախտի քմայքին պիտի յանձնէինք Նաւը հնամեայ,

Տոհմածառը պիտի կացինահարէինք

մեր ձեռքերով մեղապարտ։

Եթէ երազանքը Մասիսին պիտի չդառնար

Փարոս մշտավառ եւ յաճախանք մնայուն,

Այլ՝ ծիծաղի ու ծաղրի առարկայ եղբօր համար,

Եթէ հարիւրամեայ տուայտանքն ու վրէժը ոսոխին

Պիտի վերածուէին կլոր սեղաններու նիւթ պարարտ,

Եթէ գնացքներն անվերջ պիտի դառնային ողբ մերօրեայ,

Փողն ու փառքը մեր այրերու հոգիները կրծող

ախտ ու պալար,

Ա՜լ ի՞նչ պայքար, ի՞նչ երազանք,

Ի՞նչ նպատակ յոգնատանջ մեր երթին,

Ի՞նչ անփառունակ աւարտ՝

Վերապրելու մեր իղձին ու պայքարին,

Մասիս տենչացող սերունդներու ոգեղէն ներշնչանքին,

Վասն ինչի՞ էր մաքառումն այս դիւցազներգական։

Ո՞ւր կանգ պիտի առնէ հիւծումն այս աղէտաբեր,

Եթէ վճռած ենք չմարել մեր տան ճրագը ինքնակամ

ու յամրաքայլ։

2014

Զարթօնք Բացառիկ, 2014, էջ 128։