ԱՇՈՒՂՆ ԵՄ
Տո՜ւր ինծի թարմ շունչը Աստղիկի,
Եւ ես փչեմ եղէգիդ մէջ հուրը Վահագնի,
Պայծարակերպեմ քու աշխարհը եւ իմ,
Թող մարդիկ զարմանան իմ հրաշքին.
Երբ նայիմ խոʹրքը աչքերուդ անհուն,
Կը պլպլան ջահերը իմ թաց հոգիին,
Կը բռնկին անտառներ ու լեռներ անմատչելի,
Հոն կը ճռուողեն հրեշտակներ ու միգանոյշներ,
Հոն կը ծնին նոր յոյսեր ու հին երազներ:
Սիրոյ հոʹւրը տուր անաստղ այս իրիկուն,
Գիշերին մէջ բացերը ծովուն թող արշաւեն
Նաւերը մեր խայտանքներուն եւ կիրքերուն,
Թափին զերդ աստղեր ու բոց՝ մարդոց սրտերուն,
Օ՜հ, տո՜ւր ինծի գոյատեւելու ելք ու նպատակ:
Տոʹւր ինծի գրգանքը աչքերուդ շաղոտ,
Եւ մշտահոս աղբիւրին զուլալ ջուրն անապական,
Ես գերեվար աշուղն եմ դղեակիդ սիրերգակ,
Դուն՝ ներշնչաքն ես իմ պատանի սիրոյն:
2017
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 28-2017, էջ 23: