ԱՇԽԱՐՀ

Տարիները կ’անցնին երազի մը նման,

Անցեալ մը կը մնայ՝ տխուր, բայց յստակ,

Սերունդներ կու գան ու կ’երթան ամպի նման,

Գոյութեան հարցը կը մնայ անպատասխան:

Արձաններ կը կանգնին հերոսացման,

Տաճարներ կը կառուցուին պաշտամունքի համար,

Բայց ո՜վ տեսաւ հզօրը՝ անդրշիրիմեան,

Ո՜վ կրցաւ խուսափիլ մահուան ճակատագրէն դաժա´ն:

Կեանքը կ’ընթանայ անփոփոխ, միապաղաղ,

Ոչ ոք կրնայ նոր բան աւելցնել, յարատեւող.

Մարդս անբացատրելի գոյութիւնն է, ի վերջոյ,

Աշխարհի ծաղրն է, Աստուծոյ կամքը՝ անհաճոյ:

1987