ԱՆ ԳԻՏԷ ՄԻԱՅՆ

Երբ հուրը ցաւին կիզէ սիրտը մարդուն,

Երբ ցնորքի հասած կսկիծն անոր փշռէ ամէն յոյս ու ցոլք,

Զգետնէ զինք ու ինք՝ կանգնած կաղնիի նման

Ամբոխին մէջ, մխիթարէ իր վշտակիցները բոլոր,

Միայն ա´ն գիտէ տարերքը իր մորմոքին,

Գիտէ՜, թէ ինք, աւազի նման, կը գալարուի ծովեզրին.

Ա՜ն գիտէ միայն, թէ խաբուսիկ են ժամանակները

Ու նսեմ՝ մարդը ի´նք, անջրպետին մէջ անհուն,

Խշխշոցն է տերեւին,

Ենթակայ՝ փոշիացնող փոթորիկին.

Իր դէմ՝ փոսն է ունայնութեան, հոգւոյն՝ քաոս համակուլ:

Կը նայի մարդոց աչքերուն, որոնք

Հետզհետէ կը մարմրին վերջալոյսին հետքերով:

Կը դիտէ հեռո՜ւն միգապատ,

Կ᾿երգէ իր երգը տրտում՝ հասցէներու անանուն.

Ինչո՞ւ չերգէ հոգւոյն սիրերգն իր՝

Լուռ ու անփոյթ երկնքին:

2017

ԿԱՄԱՐ, Թիւ29-2018, էջ 32։