ԱՆՕԳՆԱԿԱՆ

Անարդարութեան որովայնէն ծնած

Սարսափի աշխարհ,

Ուր լուսինն ու աստղեր

Կը կորսուին գիշերի մահաքունին մէջ թանձր։

 

Բզկտուած մարմիններ, ցանուցիր,

Կը տենչան շիրիմ մը ցուրտ,

Որպէս հատուցում

Անդորրին ապաժամ։

 

Ուրուրներու պարն է ագահ,

Այլեւ սինիք անգղերու

Խաղերգութիւնը ծիծղուն,

Աններդաշնակ սիրերգութեան

Թէ՛ բաժնեկից եւ թէ՛մեղսակից։

 

Հո՜ն խի՜ղճն է, որ կը զոհաբերուի.

Միայն ա՛ն կը զոհաբերուի

Կեղծիքի, ապականութեան հաշուոյն,

Մինչ կը կեղեքուի մարդկութիւնը ցաւագար,

Ձեռամբ բարբարո՛ս մարդուն.

 

Աշխա՜րհ,

Ծաղրն ես դուն առեղծուած մարդուն,

Զոհասեղանը

Տարամերժ խաբէութիւններու,

Ուր կը խողխողուինք ամէն օր,

Ցուրտ շիրիմին սարսափը գրկած,

Անարդարին խաբկանքէն շշմած։


2022