ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ԲԱԺԱՆՈՒՄ

Մ. Ա.-ին

Հիմա, երբ երկնային բարձունքներէն կը դիտես մեզ,

Ու կը տեսնես անճրկած, ահաբեկ սիրելիներ չորսդի,

Իսկ դուն միշտ նոյն ծիծաղն ու ժպիտը քու դէմքին՝

Կ᾿ուզես մխիթարել ու սփոփել – բայց ի զուր...

Ըսէ´, ինչպէ՞ս հաշտուինք բաժանումիդ անողոք,

Ինչպէ՞ս հաշտուինք գաղափարին՝ որ ա´լ չկաս...

Եթէ աղջամուղջի գիշերերգին դեռ կային աստղեր,

Լուսափայլ աստղ մ᾿ալ շիջեցաւ ընդմիշտ...

Ու մեր հոգիին մթին անկիւնը ծուարած կսկիծն անհուն Կ᾿աղերսէ լո՜յս,

կ᾿աղերսէ զօրութիւն՝ տոկալու ցաւին,

Որ հետեւանքն է հրաժեշտիդ անժամանակ...։

Ո՞վ պիտի լեցնէ եւ ինչպէ՜ս՝ մեր հոգիին պարապը խոր,

Անպարագիծ ամայութիւնը ո՞վ լեցնէ պիտի, սիրելիս.

Գուցէ յուշերու ժպի՞տը, զուարթ պահե՞րը համատեղ,

Վերեւ հանդիպելու յո՞յսը մեզ պիտի սփոփէ դարձեալ,

Թէ՝ անզօրութիւնը մոռցնել պիտի տայ մեզ ամէ՜ն բան.

Ըսէ´, ինչպէ՞ս հաշտուինք մեկնումիդ դաժան,

Երբ ամէն րոպէ, մեր հոգիներու լիճին մէջ տղմուտ՝

Կը գալարուինք ցաւագին...։

2016

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 25-2016, էջ 23: