ԱՆՈՒՆԴ՝ ՊԱՏՐԱՆՔ ԱՆԵՂԾ

Եթէ կարենայի

Փակել փեղկերը լուսամուտին

Ու դուրս չգայի երբէք,

Գուցէ չտեսնէի քեզ,

Չտառապէի,

Տեսնէի լոկ խաբկանքը աչքերուդ խոհուն,

Աչքերով փակ, խաւարին մէջ անհուն.

Եթէ փակէի փեղկերը ամուր,

Ականջ տայի թախծոտ հեւքիդ տրոփին՝

Համակած զիս ու շրջապատս լուռ,

Եթէ կարենայի

Դադար տալ ժամանակին՝

Սրընթաց արշաւող,

Քեզ գրկելու մարմաջը պիտի բաւէր,

Որ կեանքիս օրերը ըլլային

Տարօրէն տարբեր.

Եթէ կարենայի բանտարկել հոգիս,

Պատեանին մէջ իր ներհուն,

Հաշուել զարկերը կուրծքիդ տրոփուն,

Հմայքովդ փակել փեղկերը ցաւերուս,

Ու երբ տխրէի, տխրէի կարօտովդ միայն,

Կորսուածը գտնելու խաբկանքով.

Օ՜հ, եթէ կարենայի միայն։

Եթէ կարենայի

Փակել փեղկերը բոլոր,

Չտեսնէի մարդուն ողջակիզումը յարատեւ,

Եւ ահագնացող վիշտը համատարած,

Որուն կայծերը կը խուժեն

Լուսամուտէս ներս, ու հոգիէս, այս պահուն:

Եթէ կարենայի գրկել քեզ,

Իմ անեղծ, մաքուր ու լուսէ պատրանք,

Փարիլ ազնիւ խոհերուս երազուն,

Ամէն բանաստեղծի ոգի´ն անհուն,

Պիտի ըլլայի յաւերժօրէն երանելի.

Եթէ կարենայի փակել փեղկերը լուսամուտիս,

Տեսնէի քե´զ իմ մէջ, իմ շուրջ, չորսդին,

Ու ապրէի, շնչէի քեզմով միայն...

Եթէ կարենայի...

2015

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 23-2015, էջ 28: