ԱՆՈՆՑ

Դուք,

Որ ինքնաժխտում կապրիք այսօր,

Չէք ուզեր տեսնել, թէ

Պատահածը աղէտ է մեր հայրենիքին։

Կը փորձէք չքմեղանքներ որոնել,

Վերադառնալ բնականոն ձեր կեանքին։

Դուք պէտք է հասկնաք վերջապէս,

Թէ կեանքը, որ կը ցանկաք,

Թաթխուած է ամօթի, սուտի, արեան մէջ,

Որոնցմէ ազատում չկայ մեզի բնաւ...

 

2020