ԱՆՅՈ՜ՒՇ, ԳՐԿԱԲԱʹՑ...

Կրկնակի մենութիւնս կը հալածեմ

Հոգւոյս համր դարպասներէն ներս բանտուած.

Տարերային գիշերներէն մէկն է հիմա,

Ու ես՝ միշտ զոհը չար բախտին,

Որ մատղաշ եւ անփոյթ երէկի երազներէն նետեց զիս

Դուրս, կեանքի անշուք ու դաժան լուսանցքին վրայ...

Վերածեց սոսկական գոյութեան մը հողեղէն:

Վրէժ ունիմ կեանքին դէմ անարդար, որ

Խլեց ինձմէ երիտասարդի խա՜նդը, կորո´վը համակ,

Տուաւ միայն վիշտ ու ցաւ անանձնական...

Ո՜հ, գոյութիւն տառապալից, մնա՜ս բարեաւ,

Աստուած մեզի մահն է տուեր արժանի,

Թող շուտ ըլլայ անոր գալուստը օրհնաբեր,

Թող ան ծագի վաղ օր մը,

Աղջամուղջին մէջ խորհրդաւո՜ր...

Մենք մահուան կ’երթանք անյո՜ւշ, գրկաբա´ց...

1987