ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ՏԵՍԱԿԸ ՄԱՐԴՈՒՆ

Մեր օրերուն այս մշուշապատ՝

Կը նահանջէ

Տեսակը մարդուն,

Որ արժէք ու որակ էր երէկ։

Նոր ժամանակներուն այս յեղյեղուկ

Կը կորսուի տեսակը մարդուն,

Որ գաղափարի ու տեսիլքի յառաջապահն էր խիզախ,

Պատուանդանին վրայ հզօր խօսքի՝

Փայլատակող աստղ էր, աննահանջ կամք։

Կը նահանջէ տեսակը

Իրա՜ւ մարդուն,

Անձնազոհ, անբասիր, առաքինի,

Ո՜չ՝ ընչաքաղց, եսակեդրոն ու փառքի հետամուտ.

Տեսակը այն,

Որ գիտէր չարը խարանել, խարազանել անխնայ,

Գիտէր լաւին ըսել լա´ւ, ըլլալ արդա՜ր,

Հաւատացողն էր արեան կանչին ու հողի տրոփին,

Գիտէր ամբոխները վերածել ոգեղէն հնոցի։

Ո՞ւր է Դիոգինէսի լապտերը հիմա,

Երբ բորբ արեւու լոյսին տակ,

Խաւարամիտներն են դարձեր լապտեր ու ջահ,

Երբ կը վաճառուի ամէն օր

Մեր ներկան ու ապագան

Սերունդներուն դիմաց անտարբեր,

Սերունդներուն դիմաց ուծացող:

Ո՞ւր է մականը Փրկիչին,

Որ պիտի տաճարը մաքրէր

Ամբարիշտներէն, կեղծ ու պիղծ մարգարէներէն.

Ո՞ւր են Մեծ Երազի Ճամբուն վրայ

Թէժ պայքարի հռետորներն անձնուէր։


Գացի՜ն անոնք, ուղիներէ տարտամ,

Հրապարակներէն պայքարի,

Գացին աքսորի ճամբաներէն ինքնակամ,

Ու մահուան ճիրաններէն՝ արիւնաքամ.

Գացին կտոր մը քուրջ կապած իրենց վզին,

Ձգեցին հօտ մը՝ թոյլ ու ապիկար։


Հիմա, նոր կարծրատիպ է դրուած վաճառքի,

Կեղծիքի, կաշառքի, թալանի ու կեղեքումի

Նորոյթն է կլանած հրապարակները համակ,

Դարձած է փայփայուած վաճառանիշ,

Ընդունուած կարգուսարք,

Ու նորաձեւութիւն՝ նոր հազարամեակի։


Կը կորսուի տեսակը հայուն

Մեր օրերու խաժամուժին մէջ խելագար,

Որուն իւրաքանչիւր բջիջն ու հիւլէն,

Կ’արիւնէր ցեղին վիշտ ու ցաւէն,

Երէկ, երբ դեռ վառ էր տրոփը ոգիին,

Վճիտ էր շեշտը խօսքին,

ծանր՝ կշիռը գործին։


Եւ ժամանակներուն հետ գահավիժող

Այս աշխարհի բարքերուն,

Եւ դեռ տագնապի գուպարին մէջ բոցակէզ,

Ամբոխները կրծող այս ցաւերուն հալումաշ,

Կը զոհաբերուին

Սրբութիւններ,

Արժէքներ,

Հայրենիք…

Ազգ,

Լեզո՜ւ,

Անցեալ,

Կը նուաղի յոյսը,

Կ᾿աղաւաղուի դիմագիծը՝ մարդուն սրբակենցաղ,

Որ տեսակ է հազուագիւտ.

Ո՞ւր է ան՝ այդ տեսակը կորսուած։


Դատարկ է հրապարակը,

Փողոցները՝ ամայի ու տխուր,

Քանի չկան «խենթ»երը երէկի,

Հերոսները երբեմնի,

Քանի կը պակսի,

Կը նահանջէ,

Կ᾿անհետանայ տեսակն անոնց՝

Հրապարակներէն մարտի,

Մեր հոգիներէն մթագնած։


Միթէ գացի՞ն անոնք անվերադարձ,

Թէ մեր օրերու մռայլ ծոցէն

Ու անվերջ արհաւիրքներէն

Պիտի ծնի նոր տեսակը մարդուն՝

Աւելի´ զօրեղ ու լուսազարդ,

Ու մեզ առաջնորդէ դէպի նոր հազարամեակ.


Պէ՜տք է հաւատալ…

2016

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 26-2016, էջ 26-28։