ԱՆՀԱՃՈՅ ՅՈՒՇԱՐԱՐ

Թախիծի կամքն անպարագիծ

Դեւի մը նման կը հալածէ քայլերս դողդոջ՝

Անյայտ գիշերին մէջ...

Հզօր է կամքն անոր, ինչպէս պագշոտ կնկան՝

մերձեցումը հոլանի։

Կը թափանցէ, կը գրոհէ, կը լլկէ ան անվարան,

Ոսկորները ճաթռտող ձմրան խենթ ցուրտին նման։

Կը տիրէ, կը հիւծէ, կ’ընկճէ ան՝ մղձաւանջի առթած

Առհաւատչեայ սարսուռի մը դժխեմ տեսիլքին նման։

Թախի՜ծ....

Անխտրակալ, դաժան ու անժամանակ....

Կու գաս գիշերուան աղջամուղջին մէջ մշտարթուն,

Կու գաս ցերեկի շաղին հետ խոնաւ, անթաքոյց,

Կը նզովես մեր դէմքերը համբուրող ժպիտը սառած,

Յուշարարին նման քուլիսի միջանցքին՝ կը յուշես

Չարին անպարտելի ուժը անիծեալ։

Թախի՜ծ...

Թանձր է այս գինին, որ մեր կոկորդին ի վար կը հոսի,

Ճենճերելով մեր աղիքները ցաւագար։

Կը պարուրես էութիւնը մեր, սարդոստայնի բոյնի պէս,

Ու սերմնացանին նման՝ թոյն կը սրսկես չորսդին,

Ժամանա՜կը կու տայ քեզի փառքն այս լուսապսակ։

Հզօ՜ր է քու աստուածդ ոխերիմ...

Ու ինչքան անզօր՝

իմ Աստուածը բարեխնամ...

Դուն ես գաղտնիքն ու պատճառը՝

Ունա՜յն ու անվերջ իմ թափառումներուն...։

2007