ԱՆԿՄԱՆ ՏԵՍԻԼ
Կը զարմանամ -
Մի՛թէ աշխարհի երեսին,
Մէկ յարկի տակ,
Կայ ընտանիք՝ սիրով ու խաղաղ...
Կը զարմանամ, թէ նոյն արիւնը կրող,
Նոյն մօր ծնունդ եղող երկու եղբայր,
Կամ երկու քոյր, հայր ու մայր,
Ըլլան անխռով, զիրար հասկցող,
Իրարու համբերող...:
Այլասերման ուղին է պարզապէս,
Որուն ոտնահետքերով կը քալենք
Եսակեդրոն ու այլամերժ:
Դարձեր ենք իրարու թշնամիներ:
Կը տառապինք ախտէն կործանարար,
Որ կը ջլատէ հաւատքը մեր անարատ,
Կը բաժնէ մեզ դարերո՜վ, առ յաւէ՜տ...:
Կը զարմանամ, թէ այսօր
Մէկ ընտանիքի ծոցին մէջ
Դեռ կա՜ն ընտանիքի հաւատացողներ...:
1985