ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ

Եթէ կարենայի սլաքը տանիլ ետ,

Մեկնումի պահը վերածել ողջերթի,

Կրկին հանդիպելու ջերմ խոստումի,

 

Եթէ կարենայի շրջել բազում վճիռներ երէկի,

Ջնջել պահեր պատիր, անձեր՝ անհարկի,

Խռոված ալիքներուն յանձնէի յուշեր անլար,

Իսկ ուրիշներ՝ ցրուէի ծովեզրին համր,

 

Օ՜հ, եթէ չհաւատայի ճակատագրին անմեկնելի,

Գուցէ ըլլայիր հիմա իմ կողքին,

Ո՛չ թէ յուշերուս ծոցատետրին մէջ, գողունի.

 

Եթէ՛ կարելին չըլլար իրաւամբ անկարելի...

2018