ԱՆԶՕՐ Է ՄԱՐԴԸ

Երբ կուզեն ընկճել խիղճը մարդուն,

Բթացնել միտքն ու աղճատել հոգին,

Սարսափը կը դարձնեն գործիք,

Յուսալքումը՝ միջոց,

Ու պատմութիւն կը գրեն նենգափոխուած,

 

Երբ կուզեն խեղդել ձա՜յնը արդարութեան,

Մոռցնել յիշողութիւնը ամբոխին,

Դժոխքի դռները կը բանան ճակատաբաց

Ու կապականեն մարդուն հոգին՝

Բազում ձեւերով սատանայական,

 

Երբ կը ձգտին ճնշել զօրութիւնը խօսքին,

Որ կը տապալէ պալատներ, գահեր զարդարուն,

Երբ կը բթացնեն մարդը ու կը վերածեն ամբոխի,

Մահն է հոն տիրակալ, իր թաթերը պարզա՜ծ,

Կը հնձէ ամբոխները մեղկ ու հիւծած.

 

Նոյն պատկերն է միշտ, մարդո՜ւն պարտեալ։


2021