ԱՆԴԵՆԱԿԱՆԷՆ
Երբ բախտի քամին տանի զիս բեւեռ,
Պիտի տեսնեմ խենթ պարը լուսնին ու աստղերուն,
Ես պիտի չտեսնեմ արեւը քաղցրահուր,
Պիտի մրսիմ երկա՜ր, սպասելով արեւուն,
Հոն պիտի երգեն լեզուները անհուն երկնքին,
Ես պիտի չերգեմ ա՛լ իմ ցաւերը անհուն,
Պիտի ականջ տամ քամիին ու բուքին,
Իմ յուշերս պիտի դառնան անգիր ձայնը արեւուն։
2022