ԱՆԱՒԱՐՏ ԱՐԱՐ
I
Նոր ժամանակներու յեղյեղուկ այդ պահուն
Պիտի բարձրանար բեմ, պարթեւ հասակով
Արշաւիր Պօղոսեան գործիչը տրիբուն,
Ու բոցավառէր կոխած գետինը ամբոխին,
Զոր կ’երերար երկրաշարժի մը նման։
Իր պատգամը ճարճատիւն էր, լեզուն՝ պարզ,
Խօսքը՝ պարտաւորեցնող, նպատակը՝ յստակ,
Իմացութիւնը կու գար անցեալի խորքերէն բորբ,
Ու դրօշը ձեռին՝ կը հրամայէր արշաւել պալատ։
Բորբոքած էին կիրքերը ազատութեան բոցերով,
Պիտի տապալէր վարչակարգը դրածոյ։
Նոր արշալոյս պիտի բացուէր երկրին վերեւ,
Ազատութեան եւ արդար վաստակի արեւը պայծառ։
Եւ ահա այդ խառնաշփոթ պահին կայծակնահար
Սկսաւ իրարանցում մը ահաւոր, գրոհ՝ եղբայրասպան,
Հրոյ ճարակ դարձան տուն ու շէն անտէր,
Ինկան զոհեր, ու հեղեցաւ արիւն բոսոր։
Խուճապահար ամբոխը փութաց տուն, մորթն իր փրկելու,
Իսկ գործիչը կատղած, սթափած իր թմբիրէն անափ,
Հրահանգեց զոհ չդառնալ նիւթուող դաւին ահեղ,
Լքել հրապարակը, խուսափելու կռիւէն արիւնահեղ։
Հեռացաւ ամբոխը խելագարած, պատրանաթափ,
Փսխեց արիւն բորբ, ներկեց հրապարակը արիւնով սեւ,
Գնաց տուն, ամոքելու վիշտն ու երազն իր կորուսեալ,
Գալիքի վիժած արեւին խառնելու արցունքն իր առատ։
Գնաց նաեւ տուն խրոխտ գործիչը տրիբուն.
Վիժած էր յեղափոխութիւնը թաւշեայ, սաղմին մէջ իրօք։
Արար աշխարհ տեսաւ ողբերգութիւնը հայուն,
Լռե՜ց երկար, դառնօրէն հեգնեց հայուն կամքը անզօր,
Հուսկ, տուաւ Օրուան հրահանգը մեծարգոյ այրերուն,
Փոխան նոր զիջումներու՝ լռութի՜ւնն իր որպէս հատուցում...։
II
«21-րդ դարը հայուն դարն է», ըսաւ սպարապետը խրոխտ,
Նոր դարաշրջան մը պիտի մտնէր հայրենի երկիրը իրօք։
Նոր յոյսեր, երազներ պիտի դառնային իրողութիւն,
Աւա՜ղ, կրկին սողոսկեց դաւադրական ձեռքը հայու տուն.
Անաստղ երկնքին տակ մութ ձեռքեր գլխատեցին հերոսին,
Սա Կայէնի մաղձն ու վրէժը չէր լոկ, այլ Բելի ու
Դարերու կապարն էր, որ մեխուեց հայուն սրտին,
Հեղեց արեան ծով, չոքեց Հայկը դաւադիր եղբօր առաջ։
Բացուեցաւ վարագույրը, ու քուլիսէն դուրս եկան
Գաճաճները այս դարու, հրէշները դիմակաւոր.
Բռնակալներն այդ տիրեցին թշուառ ժողովուրդին։
Սա 21-րդ դար չէր, խաւարակուլ միջնադար էր իրաւամբ։
III
Թաւշեայ յեղափոխութեան հովերը կրկին հասան երկիր,
Նոր յո՜յս, ջերմութի՜ւն բերին ամբոխին մտքին ու սրտին.
Ըսին՝ պիտի քանդեն կուռքերը հնամեայ,
Սէ՜ր, միութիւն պիտի սփռեն չորսդին։
Մանկամիտ ժամանակներ էին մեր երկրին համար. Պատրանքներու հաշիշն էր քնաբեր, աջ ու ահեակ։
Ու սոնքած բազմութիւնը գնաց իր փարախը տաքուկ,
Աշուղներն ալ սիգապանծ երգեցին տաղեր երփներանգ։
Ընդոստ որոտացին երկինք ու երկիր, արեւելքէն հասան
Վամբիրները գիշերի, խրոխտ ու արիւնռուշտ,
Ծծումբ ու բոց սփռեցին, մահ, ու աւեր՝ չորսդին,
Ինկաւ Բերդը անառիկ, հետն ալ պատրանքները ոգեղէն։
2019‐2020
(Հատուած «Խորտակուող Նաւը» պոէմէն)